Նարէ Ղարիպեանի Բանաստեղծական Հատորը Ամբողջութեամբ Ծախուեցաւ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17ի երեկոյեան, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ կլենտէյլաբնակ Նարէ Ղարիպեանի բանաստեղծական անդրանիկ հատորին՝ «When Ruins Speak»ի ներկայացումը։

Նարէ Ղարիպեանի սոյն հատորը գրուած է Արեւմտեան Հայաստան իր կատարած ուխտագնացութեան տպաւորութիւններուն լոյսին տակ։

Հեղինակը կարդաց հատորէն երեք բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ մէկը կ՛առնչուէր Արարատ լերան հետ իր առաջին հանդիպումին, միւսը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Արաբկիր մնացած հայ ամոլի մը, իսկ երրորդը՝ Սիամանթոյի ծննդավայր Ակն կատարած իր այցելութեան։

Յատկանշական է, որ ձեռնարկին ընթացքին, հատորին բոլոր օրինակները ծախուեցան, եւ Ղարիպեան կը ծրագրէ զայն վերահրատարակել յառաջիկայ տարուան ընթացքին։

Ղարիպեան հասակ նետած է Կլենտէյլ. անգլերէն գրականութեան ճիւղին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականին արժանացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, իսկ համալսարանական խորհրդատուութեան մասնագիտութեան մէջ մագիստրոսի վկայականին՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն։ Ան ներկայիս համալսարանական խորհրդատուութիւն կը կատարէ Կլենտէյլի համայնքային եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային քոլեճներուն մէջ։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up