Վիրաւորները Հիւանդանոց Փոխադրուած Են. Շփման Գիծին Վրայ Այս Պահուն Իրավիճակը Հանգիստ Է

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակը այս պահուն հանգիստ է:

Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած տեղեկութիւնները Մարտունիի մարտական դիրքերուն մէջ 2 զինծառայողի վիրաւորուելու մասին` վերաբերուած է նախօրէին արձանագրուած միջադէպին: Այդ մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ ՊՆ մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Վիրաւորները պայմանագրային զինծառայողներ են: Անոնք Արցախի Աշան գիւղի բանկիչներ են` 32-ամեայ Գագիկ Պօղոսեանն ու 30-ամեայ Քաջիկ Զախարեանը: Գագիկ Պօղոսեանը տեղափոխուած է Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոց, իսկ Քաջիկ Զախարեանը` ՀՀ ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց:

 

Scroll Up