Սամանթա Փաուերը Յիշեցուցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

ՄԱԿ–ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուերը յիշեցուցած է, որ դեռեւս գոյութիւն ունի այնպիսի երեւոյթ, ինչպիսին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումն է, կը յայտնէ ԱՄՆ հայ դատի յանձնախումբը:
Ուաշինկթընի մէջ Նոպելեան մրցանակակիր Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ժամանակ անդրադարձ  կատարուած է ցեղասպանութիւններու թեմային:

«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, անոր կեանքի օրօք տեղի ունեցած սարսափները` Փոլ Փոթը, Պոսնիան, Ռուանտան, Տարֆուրը, Սուրիան: Ան ապրեցաւ, որ տեսնէ, որ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ  անլսելի վայրագութիւններու վկաները դառնան, ան նաեւ տեսած է, որ դեռեւս շատ անտարբերութիւն կը մնայ աշխարհի մէջ»,– ըսած է Փաուերը:

 

Scroll Up