Չեխիոյ Նախագահի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչալու Կոչը Անպատասխան Մնաց Թուրքամէտ Պատգամաւորներուն Պատճառով․ Չեխ Փորձագէտ

Չեխիոյ «Չարիքի հնէաբանութիւն» գիտահետազօտական կեդրոնի ղեկավար Շիմոն Գրպեցը, Tert.am-ին հետ զրոյցին, անդրադառնալով Յունիսին Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանի կոչին ուղղուած իր երկրի խորհրդարանին եւ կառավարութեան` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ, նշեց, որ Զեմանի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին գլխաւոր բանավէճի մասն է, որ արդէն  քանի մը տարի է` սկսած է Չեխիոյ Հանրապետութեան մէջ:

«Իմ պատկերացումովս` «Ճանաչման գործընթացք» եզրոյթը անորոշ եւ երկիմաստ է չեխերուն համար»,- ըսած է ան` ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստին վրայ, որ Չեխիոյ մէջ կառավարման ձեւը ոչ թէ նախագահական է, այլ խորհրդարանական եւ նախագահը չունի ճանաչման գործընթացքը նախաձեռնելու որեւէ իրաւասութիւն:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 7-ին Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման Հայաստան իր պաշտօնական այցին ժամանակ յայտարարած էր․ «Հայաստանէն վերադառնալէ ետք պէտք է դիմեմ Չեխիոյ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին` կոչ ընելով հետեւելու Գերմանիոյ Պունտեսթակի օրինակին: Ոչ միայն Գերմանիոյ կամ միայն Ֆրանսայի օրինակին, ուր Ցեղասպանութեան ճանաչումը նոյնիսկ օրէնքով  ամրագրած են, այլեւ Ռուսաստանի, Լեհաստանի, Սլովաքիոյ, Իտալիոյ եւ այլ պետութիւններու, որովհետեւ կը կարծեմ, որ այդ հարցով մենք ետ կը մնանք»:

Միլոշ Զեմանի այցէն ետք  Չեխիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած գործընթացք չսկսաւ: Չեխիոյ խորհրդարանի նախագահն ալ դեռ այդ ժամանակ Tert.am-ի հարցումին ի պատասխան, թէ ինչպէս կ’արձագանքէ նախագահի կոչին, նշած է, որ կը հաւատայ, թէ  պատմական միջադէպերուն պէտք է անդրադառնան պատմաբանները, ոչ թէ քաղաքական գործիչները:

«Կ’ենթադրուի, որ նախագահ Զեման խորհրդարանի ղեկավարներուն յայտնած է իր քաղաքական կարծիքը, բայց «ճանաչման գործընթացքը» սկսիլը չի մտներ անոր պաշտօնական իրաւասութիւններուն մէջ: Ցաւօք սրտի, Խորհրդարանի` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանավէճը մասնատուած է, քաղաքականացուած եւ լի տարբեր հակասութիւններով»,- ըսած  է ան` անդրադառնալով չեխ նախագահի յայտարարութեան անհետեւանք մնալուն:

Շիմոն Գրպեց նկատած է , որ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ բանավէճին վրայ յետագային իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են մասնաւորապէս  խորհրդարանի ղեկավար կազմին մէջ ներկայացուած թրքամէտ պատգամաւորները:

«Անոնց հիմնական փաստարկն այն է, որ Ցեղասպանութեան հետ կապուած իւրաքանչիւր պատկերացում պէտք է դատապարտուի պատմաբաններու, այլ ոչ` քաղաքական գործիչներու կողմէ: Աւելցնենք, որ թրքական թշնամական դիւանագիտութիւնը մշտապէս իր թիրախին մէջ կը  պահէ անկախ մանկավարժական համակարգն ու Չեխիոյ համալսարաններու ակադեմիկոսներու հետազօտական ջանքերը, ինչպէս նաեւ հ/կ-ները»,- ըսած է  չեխ փորձագէտը` մատնանշելով, որ այդ ջանքերը կրնան որոշիչ ըլլալ Չեխիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով:

«Ես ինքս խորապէս հաւատացած եմ, որ խորհրդարանը իսկապէս կը ներկայացնէ Չեխիոյ քաղաքացիներու կարծիքներն ու շահերը»,- ըսած է  Շիմոն Գրպեցը:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման` ան նշած է , որ չի կարծեր, թէ այդ հարցով կայ ալ աւելի մեծ միջազգային ճնշման անհրաժեշտութիւն․ ըստ անոր` միջազգայնօրէն յայտնի գիտնականներն ու հասարակական կազմակերպութիւնները Առաջին Համաշխարհային պատերազմին ժամանակ իրականացուած հայերու սպանդը շատոնց արդէն ճանչցած են որպէս ցեղասպանութիւն:

«Իր մտորումներուն մէջ «ցեղասպանութիւն» իրաւական բնորոշման հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմկին հիմնովին ոգեշնչուած  եղած է Օսմանեան կայսրութեան եւ իր դաշնակիցներուն կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած այդ ողբերգութեամբ: Այսպէս, օրինակ` Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը բազմիցս պաշտօնապէս  ճանչցած է հայերու, ասորիներու եւ յոյներու դէմ Օսմանեան կայսրութեան իրագործած ցեղասպանութիւնը: Աւելին, այսօր աշխարհի ոեւէ լուրջ ցեղասպանագէտ չէր ժխտեր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը»,- ըսած է ան:

Ըստ չեխ փորձագէտին` այսօրուան գլխաւոր մարտահրաւէրը թուրք ժողովուրդին եւ իր ներկայացուցիչներուն (ներառեալ գիտնականներուն եւ գործիչներուն) պատմական ճշմարտութիւնը ներկայացնելն է:

«Եւ այս տարի ամրան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածէն ետք կրնանք յոյս ունենալ, որ կը ծաւալենք աւելի արդիւնաւէտ բանավէճ աքսորուած թուրք գիտնականներու, դիւանագէտներու եւ վտարանդիներու»,- ըսած է ան:

Խօսելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման մասին` ան ըսած է ․ «Ժխտողականութիւնը մեծագոյն սպառնալիք է ժողովրդավարութեան համար: Ժխտողականութիւնը մեղաւոր կը դարձնէ զանգուածային սպանութիւններու զոհերը եւ կ’ոտնահարէ անոնց հիմնարար իրաւունքները:

Ժխտողականութիւնը իրականութեան մէջ  ցեղասպանութեան յանցագործութեան գխաւոր բաղկացուցիչ մասն է, քանի որ այն կը փորձէ  ջնջել անցեալի պատմութիւնը եւ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ յետագայ ցեղասպանութիւններու իրագործման համար»,- ըսած է ան:

 

Scroll Up