ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Կը Պարգեւատրէ Պելճիգայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները

Կը շարունակուի ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի աշխատանքային այցը Ֆրանսական Հանրապետութիւն եւ Պելճիգայի Թագաւորութիւն: Այսօր` Նոյեմբեր 29-ին, Հրանոյշ Յակոբեան շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ Մեխելենի եւ Պրիւքսէլի մէջ, պարգեւներ պիտի յանձնէ Պելճիգայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Մեխելենի Լեւոն Շանթի անուան հայկական դպրոցին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարը կրթօճախի ղեկավարութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ հանդիպման ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներ պիտի յանձնէ դպրոցի երկու ուսուցիչներու` Լիանա Մելքոնեանին եւ Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին:
Արդէն երեկոյեան Պրիւքսէլի մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում կ’ունենայ Պելճիգայի հայկական կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ անհատներու հետ: Համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» համահայկական մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներով` 3-րդ կարգի մրցանակ կը յանձնէ «Արաքս» մշակութային կեդրոնի ղեկավար Հերմինէ Ազարեանին իսկ «Սփիւռքի մէջ լաւագոյն հայկական ընտանիք» անուանակարգի 2-րդ կարգի մրցանակը` Լուսինէ Ներսիսեանին:
«Հայաստան-Սփիւռք» գործակցութեան կայացման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներուն համար Պելճիգա-Հայաստան առեւտրային պալատի հիմնադիր տեղակալ Եանիկ Քալանթարեան եւ Պերճիգայի հայերու կոմիտէի նախագահ Կարէն Թադեւոսեան եւս կ’արժանանան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներուն:
Պելճիգահայ համայնքը կազմաւորուած է XX-րդ դարու 20-ականներու սկիզբը: 1920թ. Պելճիգայի մէջ հաստատուած է թրքական ջարդերէն փրկուած աւելի քան 1000 հայ: 1922թ. անոնց նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է պելճիգահայ գաղութային վարչութիւնը, որ մինչ օրս կը գործէ: Ներկայիս Պելճիգայի մէջ մօտաւոր տուեալներով կը բնակի շուրջ 20.000 հայ, որոնք հաստատուած են Պրիւքսէլի եւ Անթվերփենի մէջ, սակաւ թիւով` Կենտի, Լիեժի եւ Մեխելենի մէջ:
Պելճիգահայ համայնքէն ներս տարբեր տարիներու ստեղծուած են բարեգործական, մշակութային, երիտասարդական կազմակերպութիւններ ու միութիւններ, որոնց գործունէութեան գլխաւոր առանցքը հայապահպանութիւնն է:1980 թուականէն Պրիւքսէլի համայնքին մէջ նշանակալի դեր ունի տեղի հայերու գլխաւոր հաւաքատեղին` Հայ տունը, ուր կը կազմակերպուին բարեգործական եւ մշակութային ձեռնարկներ: Կը գործէ ՀԲԸՄ մասնաճիւղը, «Արբակ Մխիթարեան» հասարակական կեդրոնը, Անթվերփենի մէջ պելճիգահայ տիկնանց միութիւնը, ինչպէս նաեւ հասարակական եւ մշակութային բնոյթի շարք մը այլ կազմակերպութիւններ. «Արդիա», «Արաքս», «Հայկ», «Փրոկրես», «Լեւոն Շանթ», «Դեմոկրատներու միութիւն», «Պելճիգայի հայ երիտասարդաց միութիւն», «Նուարդ» եւ այլն: Կը գործէ 16 հայկական կրթօճախ: