«Հրանդի Ընկերներ» Նախաձեռնութեան Անդամները Այսօր Բողոքի Ցոյց Կազմակերպած Են Սթամպուլի Արդարադատութեան Պալատին Առջեւ

«Հրանդի ընկերներ» նախաձեռնութեան անդամները այսօր բողոքի ցոյց կազմակերպած են Սթամպուլի արդարադատութեան պալատի շէնքին առջեւ, այս մասին Tert.am-ը կը տեղեկանայ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդական կուսակցութեան անդամ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի Twitter-ի պաշտօնական էջէն:
Յիշեցնենք, որ պոլսահայ յայտնի լրագրող, մտաւորական, «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007-ի Յունուար 19-ին` Սթամպուլի Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն: Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը կ՛երկարի արդէն գրեթէ 10 տարի եւ դեռ չէ գտած իր hանգուցալուծումը:
«Հրանդի ընկերներ» նախաձեռնութեան անդամները, որոնց մէջ է նաեւ Կարօ Փայլան, իրենց տարածած յայտարարութեան մէջ յայտնած են, որ իրենք պիտի հետեւին Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւններու ընթացքին այնքան ժամանակ, մինչեւ իրական ոճրագործները ու անոնց համախոհները կրեն իրենց արժանի պատիժը: Նախաձեռնութեան անդամները յայտարարութեան մէջ նշած են նաեւ, որ դատախազութիւնը ներկայ փուլին սկսած է շեշտադրումներ ընել այն անհերքելի փաստերուն վրայ, որոնք իրենք կը մատնանշէին դատավարութեան առաջին իսկ օրերէն, եւ այժմ արդարութիւն պահանջող կողմը վստահ չէ, թէ արդեօք դատական ընթացքը վարողները կը բաւարարուին միայն այդ փաստերուն նայելով, թէ ի վերջոյ կը նախընտրեն իսկապէս տեսնել «մերկ ճշմարտութիւնը»:
«Այս օրերուն, երբ արիւնը արեան, իսկ քէնը քէնին խառնուած է, մենք աւելի շատ կը զգանք Հրանդ Տինքի պէս ձայն մը ունենալու կարիքը: Արդարութեան մեր պահանջքը առաջին օրը ունեցած յամառութեամբ բարձրաձայնելու համար այսօր եւս Չաղլայեան պալատին դիմաց պէտք է ըլլանք», – «Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն կայացած դատական լսումներու ժամանակ հարցաքննուած են Տրապիզոնի նախկին ոստիկանապետ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը ու հետախուզութեան շտապի նախկին ղեկավար Ռամազան Աքիւրեքը, Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժնի ներկայ ղեկավարի օգնական Հասան Տուրմուշօղլուն, ինչպէս նաեւ այժմ Թուրքիոյ հետախուզութեան գլխաւոր շտապի ղեկավար, Տրապիզոնի հետախուզական շտապի նախկին պետ Էնկին Տինչը:
Տինքի ընտանիքի փաստաբանին ներկայացուցած միջնորդութեան հիման վրայ հարցաքննուած է Օկիւն Սամասթը:
Աւելի ուշ` Նոյեմբեր 7-ին կայացած դատական նիստին աղմկայարոյց յայտարարութիւն ըրած է ամբաստանեալներէն Տրապիզոնի հետախուզութեան շտապի նախկին ղեկավար Ռամազան Աքիւրեքը, որ խոստովանած է, որ Տինքի սպանութեան նախապատրաստական փուլին Սթամպուլի այն ժամանակուան նահանգապետ Ճելալեթին Ճերահը իրմէ պահանջած է ոչնչացնել սպանութեան նախապատրաստման մասին վկայող բոլոր նիւթերը: