Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի այցելութիւնը Թեսաղոնիկէի ծաղկոցին

Շաբաթ՝ 19 Նոյեմբեր 2016ին, Հայ Գթութեան Խաչի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութիւնը, «Մալաքեան-Գասպարեան» ծաղկոցի տնօրինութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը պատիւ ունեցան հիւրընկալելու Յունաստանում Հայաստանի Հան
րապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ պարոն Ֆատէի Չարչօղլեանն ու Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերովբէ Էքիզեանը։
Դպրոց այցելութեան ժամանակ պատուարժան հիւրերին կ՛ուղեկցէին գաղութիս հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Թեսաղոնիկէի Թաղական Խորհրդի ատենապետ Վարդգէս Գունտակճեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Վերա Պլէճեան եւ Հ.Յ.Դ. «Յ. Գասապեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարապետ Նատեան։
Դպրոցի մուտքին մօտ, կարգին համաձայն, յարգարժան հիւրերին դիմաւորեցին դպրոցի աշակերտները՝ հայկական դրօշակներով եւ աւանդական տարազներով։ Հիւրերը այցելեցին բոլոր դասարանները, որտեղ ալ աշակերտները թէ՛ երգով եւ թէ ասմունքով իրենց ողջոյնի խօսքը ուղղեցին ներկայ հիւրերին։
Այնուհետեւ, Հայաստան սրահէն ներս հիւրերը, Շրջ. Վարչութեան ընկերուհիները, դպրոցի տնօրէնուհի՝ Զապէլ Գալֆայեանը եւ այլ ներկաներ, ջերմ մթնոլորտի մէջ, քննարկեցին զանազան հարցեր, մասնաւորապէս՝ առնչուող լեզուի եւ մշակոյթի պահպանմանը եւ գաղութներու մէջ հայկական կրթօջախներու գոյութեան կարեւորութեանը։ Դեսպանը իր կողմէ անգամ մը եւս վստահեցրուց, թէ ամէն պահու դպրոցի կողքին են եւ կարելի չափով միշտ պիտի աջակցեն թէ՛ ուսումնական նիւթերու եւ թէ մնացեալ այլ հարցերու վերաբերեալ։
Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Նուէր Տէրէյեան, ինչպէս նաեւ դպրոցի տնօրինուհի Զապէլ Գալֆայեան հիւրերին ներկայացուցին դպրոցի պատմութիւնը եւ ներկայիս իրավիճակը, ծանօթացուցին վարժուհիներու հետ, որ դպրոցի եւ միութեան կողքին են կանգնած կամաւոր կերպով, ինչը առանձնայատուկ յուզում եւ գնահատում կը յառաջացնէ բոլորին մօտ։ Շրջանայինի ատենապետուհին իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց Դեսպանին իր այցելութեան եւ մեր դպրոցին հանդէպ իր ուշադրութեան համար՝ յոյս յայտնելով, թէ դեռ նորանոր առիթներ պիտի ունենան հանդիպելու եւ այցելութիւնների։
Նոյն երեկոյ, Թեսաղոնիկէի «Ս.Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած տօնական ընթրիքին, հրաւիրուած էին նաեւ «Մալաքեան-Գասպարեան» ծաղկոցի պարախումբին սաները, որոնք իրենց անզուգական պարերով ալ աւելի գեղեցիկ դարձուցին տօնական երեկոն։
Իրէն Յովհաննէսեան
Ազատ օր