«Ովքե՞ր Են Հայերը» Գիրքը Կը Ներակայացուի Կիպրոսի ՄԷջ

Դեկտեմբեր 2-ին Կիպրոսի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուզան Փաթիթի եւ Մարալ Քերոփեանի «Kim Bu Ermeniler» (Ովքե՞ր են հայերը) գիրքի շնորհանդէսը` հեղինակներու եւ թարգմանիչ Լօրա Սարի ներկայութեամբ, կը տեղեկացնէ «Հայերն այսօր»-ը:

Երեկոյին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ քննարկում: Ձեռնարկը նախատեսուած է բոլոր տարիքային խումբերու մասնակիցներուն համար: Գիրքի անգլերէն եւ թրքերէն տարբերակները հասանելի պիտի լինեն վաճառքի համար:

«Kim Bu Ermeniler» (Ովքե՛ր են հայերը) գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած էր 2016թ-ի Օգոստոսին: Գիրքը հրատարկուած է Հայ հիմնարկի (Լոնտոն)  եւ «Արաս» հրատարակչութեան (Սթամպուլ) համագործակցակցութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ:

 

 

Scroll Up