Բրիտանական «Daily Mail»-ը Ծաւալուն Յօդուած Մը Տպագրած Է ՀՀ Դեսպան Արմէն Սարգսեանի Կնոջ` Նունէ Սարգիսեանի Մասին

Բրիտանական «Daily Mail» հեղինակաւոր թերթը անդրադարձած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Սարգսեանի կնոջ` Նունէ Սարգիսեանին, կը յայտնէ «Հայերն այսօր»-ը:
Նունէն մասնագիտութեամբ լրագրող է եւ մանկական գիրքերու հեղինակ: Անցած տարի` Դեկտեմբեր ամսուն, տեղի ունեցած է «Կախարդական կոճակներ» անգլերէն լեզուով գիրքի շնորհանդէսը, որուն շնորհանդէսին ելոյթ ունեցած է Լորտ Տեյվըտ Լինլին:
Նունէ Սարգսեան Շառլոթ Փիրսոն Մեթընին տրուած հարցազրոյցին պատմած է համայնավարութեան անսպասելի առաւելութեան` ստեղծագործական մտածողութեան մասին: