Մարիա Մեհրանեան Կը Մեծարուի

Բնապահպանութեան ջատագով «Երկրագունդի Կիներ» կազմակերպութիւնը Նոյեմբեր 5ին իր տարեկան «Բուժող» մրցանակը շնորհեց Մարիա Մեհրանեանին, Լոս Անճելըսի Շրջանային ջուրի որակի կառավարման մարմինի անդամակցութեան միջոցաւ անոր կատարած բնապահպանական աշխատանքին համար։

Նշենք, որ Մարիա Մեհրանեան եղած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի նախագահ, եւ այժմ ելեւմտական հարցերու գլխաւոր պաշտօնատարն է ճարտարագիտական եւ շինարարական «Քորտոպա» ընկերութեան, որուն վարիչ գործընկերն է նաեւ: Ան 2008էն ի վեր Լոս Անճելըսի ջուրի որակը հսկող մարմինին անդամ է, իսկ 2012ին ու 2013ին եղած է այդ մարմինի ատենապետուհին:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up