Նինոծմինտայի Թիւ 2 Դպրոցին ՄԷջ Կազմակերպուած Է Վրաստանի Եւ Հայաստանի Պատմութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Նինոծմինտա քաղաքի թիւ 2 դպրոցի ապագայի դասարանին մէջ Վրաստանի եւ Հայաստանի հնագոյն քաղաքներու տեսարժան վայրերուն մասին հանդէս եկան 9-րդ դասարանցիները: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօր»-ի` կը յայտնէ Nor.ge կայքը:
Աշակերտները ժամանակակից արհեստաբանութիւններու օգնութեամբ ներկայացուցին երկու երկիրներու հնագոյն քաղաքներու պատմութիւնը:
Ձեռնարկին նպատակն էր աշակերտներու իրազեկումն ու գիտելիքներու բարձրացումը երկու երկիրներու հնագոյն տեսարժան վայրերուն մասին:
«Եթէ դուք նոյնիսկ աշխարհի կէսն ալ շրջագայած ըլլաք, միեւնոյնն է, Վրաստան կը գտնէ նոր բան մը ձեզի զարմացնելու համար»,- նշեց պատմութեան ուսուցչուհի Նազիկ Կարապետ Տօնոյեան:
Ձեռնարկը կազմակերպած էին 9-րդ դասարանցիները եւ անոնց դասղեկ Նազիկ Տօնոյեան` կամաւոր Նիկա Ուտալիշուիլիի հետ միասին: