«Կ’այրի` Ըսել Է Թէ Կ’ապրի…». Ճոն Քույումջեան

Այս յօդուածը մեր հայրենակիցի` Լեհաստան ապրող Ջոն Քույումջեանի «Մենախօսութիւնն» է, որ կըպատմէ գեղեցիկ ձեռնարկի մը մասին, որուն, յոյս ունինք, մասնակից կ’ըլլայ աշխարհի ամէն տեղ ապրող հայ մարդը, որուն հոգիին մէջ դեռ կը մխայ Ցեղասպանութեան ցաւն ու կը վառի պայքարի ցասումը:

Եւ այսպէս.

Խորհրդանշական ջահի մը պատմութիւնը կամ` Սկիզբը…

Անկախ իմ աշխատանքիս բնոյթէն` ես միշտ հետաքրքրուած եմ Ցեղասպանութեան խնդիրով: Այս ուղղութեամբ արդէն մի քանի տարի է` մտքիս մէջ տարբեր ծրագիրներ կը կազմեմ:

Ես նաեւ կինոյի խենթ եմ, եւ նկատի ունենալով, որ երկու տարի յետոյ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի «ապրինք», սենար մը պատրաստած եմ: Միակ սենարն է, որ գրած եմ իմ կեանքիս մէջ` առաջինն ու վերջինը:

Սենարին զուգահեռ` գաղափար մըն ալ ծագեցաւ: Այն խորհրդանշական իմաստ կը կրէ իր մէջ, եւ իրականացման համար իմ վրաս մեծ ազդեցութիւն թողած են հեթանոսական շրջանի խորհրդանիշները` արեւը, հուրը, կրակը, որոնք շարունակութեան խորհուրդ ունին. Կ’այրի` ըսել է թէ կ’ապրի:

Սկիզբը նպատակս մոմ սարքելն էր, որ կը ներկայացնէր ու կը խորհրդանշէր Հայ եկեղեցւոյ գմբէթը: Բայց քիչ մը մտածելէ ետք ըսի` մոմը կ’այրի, կը վերջանայ: Եւ ծնաւ կանթեղ պատրաստելու գաղափարը: Նպատակս է, որ յատկապէս 1915 թուականին հոգեկան միութիւն ըլլայ: Աշխարհի տարբեր կէտերու մէջ, ուր կ’ապրի հայ մարդը, այդ ջահը վառի` ի յիշատակ ոչ թէ լալու (բաւական է. արդէն 100 տարի կուլանք), այլ մեր պայքարին համար: Մենք վերջին անձերն ենք, վերջին մոհիկանները, որոնք կրնան բան մը փոխանցել: Եթէ գաւազանը, ջահը չփոխանցենք, այն այլեւս կամաց-կամաց կը մարի:

Խորհրդանշական այս ջահը, որն ամբողջութեամբ բիւրեղապակի է, պատրաստուած է Չինաստանի մէջ: Սա չենք պատրաստած գործարարութեան համար, այլ Ցեղասպանութեան նուիրուած շարժանկարը մէջտեղ բերելու համար է:

Շարժանկարի սենարը ինը լեզուով գրուած է, իւրաքանչիւր հերոս իր լեզուով պիտի խօսի. հայը` հայերէն, թուրքը` թրքերէն, անգլիացին` անգլերէն եւ այլն: Եթէ կ’ուզենք որակեալ շարժանկար, դերասանները պէտք է բարձր մակարդակ ունենան, հնչեղ անուններ:

Բայց բոլորս ալ գիտենք, թէ ատիկա ինչ ջանքեր ու միջոցներ կը պահանջէ: Ու շատ կարեւոր նախապայման է նաեւ, որ այդ անունները հայ չըլլան: Այն անձը կամ կազմակերպութիւնը, որ փող պէտք է ներդնէ շարժանկարին համար, գործարարութեան նպատակ պիտի հետապնդէ եւ իր պայմանները թելադրէ, անգամ եթէ հայ ըլլայ:

Որպէսզի որեւէ միջամտութիւն չըլլայ, գաղափարն այս է` մենք կը պատրաստենք շարժակարը` խորհրդանշական ջահերու շնորհիւ:

Այդ նպատակով կը ստեղծուի հիմնադրամ մը, որ պէտք է զբաղի ջահերու վաճառքով: Ի հարկէ, վաճառք ըսելը քիչ մը յարաբերական է, որովհետեւ գինը խորհրդանշական պիտի ըլլայ:

Մենք կը ցանկանք ներկայացնել այս ջահը իբրեւ աղիւս, ինչպէս շինարարութիւնը կը սկսի մէկական աղիւսով (աղիւսներ, որոնք աստիճանաբար տունի կը վերածուին): Այս խորհրդանշական ջահերը պիտի կոչուին Եռագոյն աղիւսներ, որոնց վաճառքի գումարէն ալ կը գոյանայ շարժանկարի պիւտճէն:

Ջահերու վաճառքով զբաղող հիմնադրամի գործունէութիւնը թափանցիկ պէտք է ըլլայ, որպէսզի պարզ ըլլայ, թէ գումարները ինչի կը վերածուին:

Այս նախագիծը (ջահերու վաճառքը) պիտի տեւէ մինչեւ 2022 թուական: Շարժանկարի բերած եկամուտը, ջահերու գումարը պիտի բաժնուին: Հաւաքուած գումարին մէկ մասը կը յատկացուի Լիբանանի հայկական որբանոցներուն, մէկ մասը` Հայաստանի որբանոցներուն, իսկ համեմատաբար փոքր մասեր` Լեհաստանի եւ այն երկիրներու հայկական համայնքներուն, որոնք մասնակցած են այս ձեռնարկին:

Այս նախագիծին համար արդէն պատրաստած ենք 300 հազար ջահ, որ 4,5 միլիոն եուրօ կ’արժէ: Շուտով բոլոր փափաքողները ջահերը կրնան ձեռք բերել տարբեր երկիրներ գտնուող հայկական եկեղեցիներէ, ընկերութիւներէ:

Ջահը նաեւ իր մէջ խորհուրդ ունի. այն վառ պահելը կը նշանակէ մեր անմեղ նահատակներու յիշատակը կենդանացնել: Մենք շահ չենք հետապնդեր, մեր նպատակն է Հայոց ցեղասպանութեան մասին անկախ շարժանկար նկարահանել, որ երկու տարի ետք մեծ աղմուկ պիտի բարձրացնէ: Մեր նպատակն է, որ շարժանկարը ըլլայ անկախ. ուր ցանկանանք` կը ցուցադրենք, որ երկրին կը ցանկանանք` կը նուիրենք: Եթէ կազմակերպութիւններ ֆինանսաւորէին (իսկ ցանկացողներ շատ կային), մենք անոնց ենթակայ պէտք է ըլլայինք, իրենց խաղի կանոններով պէտք է իրագործէինք ամէն ինչ: Իսկ մենք չենք ցանկար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ուրիշի սակարկութեան առարկայ, ուրիշի օրէնքին ենթակայ դարձնել:

Նախնական համաձայնութեան եկած ենք արդէն մի քանի դերասաններու հետ, որոնք պիտի նկարահանուին շարժանկարին մէջ: Ի հարկէ, դեռ պայմանագիրներ չենք կնքած, բայց գաղափարը անոնց հետաքրքրած է: Նշեմ միայն մի քանի անուններ` Շառլ Ազնաւուր, Օմար Շարիֆ, Մոնիքա Պելուչի եւ այլք:

Որպէս շարժանկարի բեմադրիչ` տարբեր անուններ շրջանառուած են, բայց ի վերջոյ մեր ընտրութիւնը կանգ առաւ Վիգէն Չալդրանեանի վրայ: Վերջինիս հետ, Յովսէփի (Յովսէփ Սեֆերեան) շնորհիւ, անցեալ տարի ծանօթացած ենք: Ես իրեն ուղարկեցի շարժանկարի սենարը, եւ ան պատասխանեց, որ այն իր սրտին մօտ է:

Շարժանկար դարձած 100-ամեայ ճանապարհ

Շարժանկարը ունի իր խօսքը. յիշատակն է երեք ազգերու ցեղասպանութեան` հայերու, Պոնտոսի յոյներու, ասորիներու: Նախնական տարբերակը վերնագրուած էր «Կարմիր խաչքար», բայց յետոյ որոշեցինք անուանել Էպիգեդէոն (մասնաւոր երգեր հերոսներու համար` Դիւցազներգ, էպիկական երգ):

Մի փոքր, որպէսզի փակագիծերը ամբողջութեամբ չբանանք, անդրադառնանք շարժանկարի սենարին: Այն ինչ-որ տեղ իմ ընտանիքիս պատմութիւնն է: Եսասիրութեան հարց չէ, բայց օրինակը մարդ իրմէ պէտք է առնէ:

Մեծ հօրս հայրը Օսմանեան կայսրութեան 50 ամենահարուստ մարդոցմէ մէկը եղած է: Յայտնի ոսկերիչ էր, եօթ եղբայր էին եւ երկու քոյր: Բնակած են Ադիամածոց (Կիլիկիա) քաղաքին մէջ եւ դեռ 1880-ական թուականներէն ոսկերչական արտադրամաս ունեցած են` 60 աշխատողներով, ունէին նաեւ իրենց մասնաւոր դրոշմը: Ձեռագործ աշխատանքները կը վաճառէին եւրոպական պալատներու մէջ:

Ծաւալող իրադարձութիւններու 90 տոկոսը իրական դէպքեր են, մնացած 10 տոկոսը գեղեցկացնելու, ձեւ, արուեստական շունչ հաղորդելու սիւժէ: Իմ ընտանիքիս պատմութեան միջոցով ես կը ներկայացնեմ զանազան դէպքեր, որ պատահած են տարբեր ընտանիքներու հետ: Սա է պատճառը, որ հերոսները միայն անուններ ունին:

Պատմութիւնը բաղկացած է երեք բաժինէ, որոնք կարմիր թելով կապուած են իրար հետ:

Առաջին մասը կը կոչուի Աղօթք:

Իրականութեան մէջ մօտեցումը հաւատքի, քրիստոնէութեան հանդէպ քիչ մը տարբեր է: Ես հինգ տարի Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի վանքին մէջ մնացած եմ: Տասը տարեկան էի, երբ առաջին անգամ ոտք դրի կղզի, որ իմ վրաս շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած է: Ինծի համար հաւատքը, աստուածութիւնը այն չէ, ինչ կղերականները կը ներկայացնեն: Իմ կեանքիս ընթացքին, յատկապէս վերջին 50-60 տարիներուն, յանգած եմ այն մտքին, որ մեր հաւատքը եզակի է, որովհետեւ մենք շատ լաւ առասպելներ ունեցած ենք, որոնք շատ աւելի մարդկային էին եւ նուազ թշնամական, քան յունականը: Վերջին 2000 տարուան ընթացքին այն ամէնը, ինչ կար մեր առասպելներուն մէջ, շատ մեղմօրէն ձուլուած է քրիստոնէական հաւատքին:

Եւ այսպէս` շարժանկարը կը սկսի աղօթքով:

Երկրորդ մասը Աղօթքի Ճամփան է: Այն ճանապարը, որ կ’անցնին շարժանկարի հերոսները:

Երրորդը Գոյատեւումն է. մենք Քրիստոս չենք, մենք յարութիւն չենք առած եւ չենք առներ: Մենք մոխիրէն դարձեալ ծնած ենք, որոնք երբեք չեն մահացած: Ինչպէս Ազնաւուրը երգին մէջ կ’ըսէ.

Ես զաւակն եմ ազգի մը, որ չի գիտեր մահանալ…

Ես շարունակած եմ` Ես Քրիստոսն եմ ազգի մը, որ չի գիտեր խաչանալ, Ես վրէժն եմ ազգի մը, որ երբեք չի մոռնար…

Շարժանկարի կերպարները

Այժմ անդրադառնանք կերպարներուն:

Նախ փորձեմ ընթերցողին ծանօթացնել իմ մեծ հօրս ընտանիքին հետ: Աւագ եղբայրը` Մարտիրոսը, բժիշկ եղած է, որ ուսանած է Լոզանի մէջ: Երկրորդը` Ռուբէնը, շատ գեղեցիկ, փայլուն մարդ եղած է: Կը պատմեն, որ կանայք, երբ կը տեսնէին անոր, անմիջապէս կը սիրահարուէին: Երրորդը մեծ հօրս հայրն էր, որուն անունը Օհաննես էր: Ռուբէնը գործնական նպատակով յաճախ Իտալիա կ’այցելէր: Անգամ մըն ալ հետը իտալուհի մը բերած է` Ֆրանչեսկա անունով: Կ’ամուսնանայ եւ աղջիկ մը կ’ունենայ` Աստղիկ անունով, որուն նաեւ Սթելլա կ’ըսէին: Երբ Սթելլան 5 տարեկան կ’ըլլայ, մայրը` Ֆրանչեսկան, անոր աչքին առջեւ թոքախտէն կը մահանայ: Ատիկա շատ կ’ազդէ աղջկան վրայ, եւ ան մինչեւ կեանքին վերջը այլեւս չի խօսիր: Կը մահանայ 82 տարեկանին Լիբանանի մէջ: Սթելլային պիտի մարմնաւորէ Մոնիքա Պելուչին: Այս դերին համար այլ դերասանուհիներ նկատի ունեցած էինք: Բայց ես Պելուչիի մասնացութեամբ շարժանկար մը դիտած եմ, ուր ան համրի դեր կը կատարէ, ու անոր խաղը պարզապէս ապշեցնող է` հիանալի:

Մէկ օրուան մէջ կը ջարդեն իմ մեծ հօրս ամբողջ ընտանիքը: Կենդանի կը մնայ Սթելլան, որ այդ ժամանակ 32 տարեկան էր: Շատ խելացի կին կ’ըլլայ: Երբ կը բռնեն աքսորի ճամփան, կը կաշառէ ժանտարմներուն, որոնք իր մեծ տղուն կնոջ` Մարալին, որ յղի էր, եւ իր փոքր երեխային` Հրաչին, որ 6 տարեկան էր, չեն սպաներ:

Ադիամանէն աքսորի ճամփան բռնած են 7700 հոգի, կենդանի մնացած են միայն 103 հոգի` կանայք եւ երեխաներ: Շարժանկարին մէջ այս ամէնը կը պատմուի յիշողութիւններու միջոցով, որոնք «իմ ձեռքով» կը գրէ Սթելլան: Ան կը մահանայ 82 տարեկանին:

Շարժանկարին մէջ կարեւոր գիծ մը կայ. Սթելլան շարժանկարի ամբողջ ընթացքին մեղեդի մը կը յիշէ, բայց չի յիշեր, թէ ինչ երգ է ատիկա:

Շարժանկարի վերջաւորութեան ան կը բանայ դուռ մը ու կը տեսնէ 5-ամեայ երեխայ մը, որ կ’երգէ` ես լսեցի, մի անուշ ձայն, իմ ծերացած մօր մօտ էր…բայց ափսոս որ, երազ էր… Կը տեսնէ մօրը` Ֆրանչեսկային` պարտէզի մէջ պառկած, եւ կը բղաւէ` ո´չ, այս ամբողջը երազ չէ, այս ամէնը եղած է, պատահած է…

Հետեւաբար, ո՞րն է շարժանկարի պատգամը… Այն, որ հակառակ ամէն տեսակ չարչարանքներու, զոհողութիւններու, կոտորածներու` կեանքը գեղեցիկ է: Սա մեզ ուղղուած պատգամ է, որ ապրինք եւ չի լանք:

Շարժանկարի նկարահանումները պիտի սկսին 1914 թուականին: Դեռ յստակ չենք գիտեր նկարահանման վայրը, բայց հաւանաբար Պուլկարիոյ մէջ կը կատարենք:

Խօսքս կ’ուզեմ աւարտել հետեւեալով. կեանքը բաղկացած է փոքր-փոքր բաներէ, եւ կաթիլը կաթիլով է, որ քար կը ծակէ: Իւրաքանչիւր հայու մասնակցութիւնը այս նախագիծին մեծ լումա կ’ըլլայ մեր Մեծ հարցի լուծման ճանապարհին:

Ռուս բանաստեղծ Եւտուշենկոն ըսած է` Արդարութեան շոգեկառքը ուշ կը հասնի, բայց կը հասնի: Մեր «Արդարութեան շոգեկառքը» արդէն ճամփայ ինկած է, ու թէ երբ «տեղ կը հասնի» կախուած է միմիայն մեզմէ…

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up