Սարքոզին Հայ Համայնքին Հետ Հանդիպման Մերձաւոր Արեւելքի ՄԷջ Քրիստոնեաներուն Հետ Կատարուողը Ցեղասպանութիւն Որակած Է

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլայ Սարքոզին Տեսինի Հայկական յիշողութեան ազգային կեդրոնին մէջ հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն: Ինչպէս կը փոխանցէ Nouvelles d`Armenien, Սարքոզիին ուղեկցած են Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ֆիլիփ Մոնիեն, ծերակուտական Միշել Ֆորիսիեն, Տեսինի քաղաքապետ Լորան Ֆոթրանլ:
Հանդիպման ընթացքին Նիքոլայ Սարքոզին անդրադարձած է Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ նշած. «Ցեղասպանութիւն բառը պէտք չէ պարզունակ ըլլայ: Ատոր ժխտումը կարծիք չէ, այլ յանցագործութիւն բանականութեան եւ բարոյականութեան դէմ: Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն հետ կապուած իրավիճակը ցեղասպանութիւն է»: