Վարչապետը Անդրադարձած Է Բարերար Միքայէլ Արամեանցի Ախթալայի ՄԷջ Գտնուող Առանձնատան Աղէտալի Վիճակին

Կարէն Կարապետեան անդրադարձած է Միքայէլ Արամեանցի Ախթալայի մէջ գտնուող առանձնատան աղէտալի վիճակին: «Մի խումբ մտաւորականներ բաց նամակով դիմել են ինձ նշանաւոր հայ ազգային գործիչ, բարերար Միքայէլ Արամեանցի Ախթալայում գտնուող առանձնատան աղէտալի վիճակի հետ կապուած: Այդ առանձնատունը 2013 թ. ընդգրկուել է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմից նորայայտ պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձանների ցանկում, սակայն սեփականատիրոջ ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու հետեւանքով յայտնուել է անմխիթար վիճակում: Անշարժ գոյքի քադաստրի պետական կոմիտէին յանձնարարում եմ մէկօրեայ ժամկէտում ներկայացնել գոյքի վրայ գրանցուած բոլոր ծանրաբեռնումները: Յանձնարարում եմ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարին` շահագրգիռ նախարարութիւնների մասնակցութեամբ ուսումնասիրել խնդիրը եւ ներկայացնել առաջարկութիւն»,-ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ տունը իրականութեան մէջ կրնայ ըլլալ գրաւիչ զբօսաշրջութեան ոլորտին համար եւ այստեղ պէտք է անպայման վերաբերմունք ցուցաբերուի: