Հայաստանէն Ուղարկուած Օգնութիւնը Բաժնուեցաւ Սուրիահայ Փոքրիկներուն

Նոյեմբեր 7-ին Հալէպի հայկական բոլոր մանկապարտէզներու սաներուն եւ Ազգային միացեալ նախակրթարանի` Սահակեան, Կիւլպէնկեան, Հայկազեան, Զաւարեան վարժարաններու առաջին, երկրորդ, երրորդ դասարաններու աշակերտներուն Հալէպի շտապօգնութեան եւ վերականգնման մարմինը բաճկոններ բաժնած է, որոնք Հայաստանի կառավարութիւնը Սուրիա  առաքած էր մարդասիրական օգնութեան ծիրէն ներս: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Հալէպի հայկական համայնքէն:

Ըստ աղբիւրին՝ երեխաներու ուրախութիւնն ու ոգեւորութիւնը ակնյայտ  եղած է եւ անոնք իրենց շնորհակալութիւնն ու սրտի խօսքը յայտնած են  այս նախաձեռնութեան համար: Բերիոյ թեմի մամուլի խօսնակը նաեւ աւելցուց է, որ մնացած բաճկոնները յառաջիկային կը բաժնուին բարձր դասարաններու աշակերտներուն:

Համայնքէն տեղեկացուցին նաև, որ Հալէպի մէջ իրավիճակը խաղաղ է, հայկական թաղամասերուն մէջ պայթիւններ չեն նկատուիր, միայն կը շարունակուին դժուարին մնալ կենցաղային պայմանները:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարութեամբ Սուրիա  առաքուած էր 40 թոն մարդասիրական օգնութիւն, որմէ 10 թոն նախատեսուած էր Դամասկոսի եւ ծովափնեայ շրջաններուն մէջ ապրող ժողովուրդին համար, 30 թոն` Հալէպի:

Հոկտեմբեր 7-ին «Խաղաղութեան ջերմ մաղթանքներով Հայաստանէն` Սուրիոյ եղբայրական ժողովուրդին» մակագրութեամբ բեռները հասած են Հալէպ: Oժանդակութեան բաշխումը յանձնարարուած էր Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման մարմնին:

օգնությունօգնություն1օգնություն2օգնություն3օգնություն4օգնություն5օգնություն6օգնություն7

Scroll Up