«Որոշած Եմ Ամրապնդել Հայաստանի Հետ Կապերս». Մատլէն Մեծակոբեան

«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը` խաղաղութեան, հակամարտութիւններու լուծման, սոցիալ-տնտեսական եւ քաղաքական զարգացման ոլորտին մէջ յորդանանահայ հետազօտող եւ վերլուծաբան Մատլէն Մեծակոբեան, որ առաջին անգամ կու գար  Հայաստան: Ան նշեց, որ շատ  սիրած է Հայաստան, մարդոց, որոնց հետ ծանօթանալուն` ջերմութիւն եւ անկեղծութիւն  զգացած է: Նկատած է`մեր երկիրը տարբեր ոլորտներու մէջ գրանցած ցուցանիշներու բարձր մակարդակով չի զիջեր եւրոպական երկիրներուն:

Տիկին Մատլէն զրոյցին ընթացքին հաւաստեց նաեւ, որ Հայաստան այսուհետ  միայն շրջայցեր կատարելու համար չի գար, այլեւ` աշխատանքի մէջ հասած յաջողութիւններու շնորհիւ  նպաստելու Հայաստանի յառաջընթացին եւ զարգացման:

Տիկի՛ն Մատլէն, որպէս սկիզբ` կը պատմէ՞ք Ձեր մասին:

-Ես Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Մանուէլ Ռոփէն Մեծակոբեանի դուստրն եմ: Ներկայիս կը կատարեմ գիտական հետազօտութիւններ եւ կ’աշխատիմ Շուէտի մէջ` որպէս յետհամալսարանական կրթութեան գծով խորհրդատու, նաեւ գրող- վերլուծաբան եմ: Կը վերլուծեմ տեղական, տարածաշրջանային, միջազգային, ինչպէս նաեւ` խաղաղապահութեան ու անվտանգութեան, փախստականներուն, ԵՄ-ին եւ Հայաստանին առնչուող հարցերը: Գիտական-վերլուծական  շարք մը յօդուածներու հեղինակ եմ:

Միաժամանակ կ’աշխատիմ նաեւ շուէտական ընկերութիւններու մէջ` որպէս գործարար-խորհրդատու:

Եղած եմ նաեւ «Ալ Արաբ Ալիաոում»-ի պարբերականի գործադիր տնօրէնն ու գլխաւոր խմբագիրը, իսկ Շուէտի մէջ` Ուպսալայի համալսարանի Խաղաղութեան եւ հակամարտութիւններու հետազօտութիւններու բաժինի հետազօտողի օգնականը:

Հայաստան առաջին կու գայիք: Ինչ՞ն էր պատճառը, որ մինչեւ հիմա չէի՞ք այցելած:

-Ծնողներս 1980 եւ 1990-ական թուականներուն Հայաստան այցելած են: Այդ ժամանակ հայրս կը ցանկար Հայաստան վերադառնալ, սակայն ան մահացաւ` չհասցնելով իրագործել իր փայփայած երազանքը:

Այնուհետեւ ես դիմեցի ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւն` առաջարկելով իմ մասնագիտական գիտելիքներու հարուստ պաշարով խթանել Յորդանանի հայերու շահերու պաշտպանութիւնը եւ օգնել յարաբերութիւններ հաստատել Յորդանանի եւ Հայաստանի միջեւ, սակայն պատասխան չստացայ:

Հիասթափուեցայ, բայց չկոտրեցայ: Հայաստանցի երկու երեխաներու խնամակալութիւնը ստանձնելով եւ տարբեր առիթներով Հայաստանի ազգային շահերուն մասին խօսելով` փորձեցի կապ հաստատել Մայր հայրենիքին հետ:

Հեռուէն կը հետեւէի Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւններու զարգացման: 2015 թուականին հոգիիս մէջ կրկին արթնցաւ Մայր հայրենիքը ծառայելու ցանկութիւնը:

Այնուամենայնիւ, այդ տարիներուն  հայրենիքի հետ կապը պահպանա՞ծ էք:

 -Հայրս Յորդանանի մէջ քաղաքապետ եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի ղեկավարը եղած է: Ութ տարի յաճախած եմ Հայ կաթողիկէ դպրոց: Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամ  եմ եւ քսանհինգ տարի ապրած եմ Ամմանի հայաբնակ շրջանին մէջ, ուր հայկական դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ ակումբներ կան: Այս ամէնը ամուր հիմք  հանդիսացած են` Հայաստանի հետ մշտական կապ պահպանելու համար:

Մայրս` Անժէլա Մեծակոբեան, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) հիմնադիր անդամներէն մէկն է:

ՀՕՄ-ի աշխատանքներուն մէջ միշտ աշխոյժ եղած եմ: Քսանհինգ տարի ապրած ենք հայաբնակ շրջանի մէջ եւ մեր տան դռները միշտ բաց  եղած են տարբեր հարցերով հօրս դիմող հայերու առջեւ:

Այս տարի առաջին անգամ Հայաստան այցելեցիք: Ոտք դնելով Մայրենի հողին` ինչպիսի՞ զգացողութիւններ ունեցաք:

– Հայաստան ժամանելէ առաջ շատ դրական տպաւորութիւն ունէի, քանի որ քոյրս` նկարչուհի Քլարա Մեծակոբեան, արդէն հինգ անգամ այցելած էր Հայաստան եւ հրաշալի տպաւորութիւններով կիսուած հետս: Ի դէպ, քոյրս Հայաստանի քաղաքացի է: Ես շատ սիրեցի Հայաստան այն պահէն, երբ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ մեզի դիմաւորեցին նրբագեղ հայուհիները եւ գեղեցկադէմ հայ տղաները, որոնք հմտօրէն օգնեցին մեզի` իրենց պարտականութիւնները կատարելուն:

Որպէս Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգ` առաջին վայրը, ուր կը ցանկայինք այցելել, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրն ու Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկն էր: Մենք խորապէս յուզուեցանք` տեսնելով Ցեղասպանութենէն փրկուածներու «լուռ վկայութիւնը»: Այդ վերապրածներէն եղած են իմ պապիկն ու տատիկը` Ռուբէն եւ Վիքթորեայ Մեծակոբեանները, որոնք կոտորածէն յետոյ  մէկ տղայ ունեցան` հայրս` Մանուէլը:

Հայաստանի ոգին ու պատմութիւնը կը զգայինք նաեւ Երեւանի փողոցներուն մէջ եւ ամէն մէկ անկիւնին մէջ, որ մարդիկ մաքուր եւ գեղեցիկ կը պահեն:

Հայաստան կատարած մեր այցելութիւնը աւելի բովանդակալից դարձաւ, երբ տարբեր տեսարժան վայրեր այցելեցինք` ըլլալով Սեւանի, Դիլիջանի, Վերնիսաժի մէջ: Այս շրջայցերը աւելի ընդգծեցին մեր ազգային նկարագիրն ու հայու ոգին: Մեզի համար  քանի մը յուշանուէրներ, նկարներ եւ ձեռագործ աշխատանքներ գնեցինք, որոնցմով շատ կը հիանան Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայերը:

Երեւանի հասարակական շատ վայրեր յարմարեցուած են հաշմանդամներու համար, իսկ երեխաներու ժամանցը ապահովելու նպատակով բազում խաղահրապարակներ  կառուցուած են, որոնց առկայութիւնը գովելի է:

Մէկ խօսքով, Հայաստան կատարած կարճ այցելութեամբ` աւելի հպարտացանք հայ ըլլալու հանգամանքով: Որոշած ենք ամրապնդել մեր կապերը, պաշտպանել Հայաստանի շահերը տարբեր մակարդակներու մէջ եւ մեր ընտանիքի միւս անդամներուն հետ մօտ ապագային կրկին այցելել Հայրենիք:

Ես ճամփորդած եմ Զուիցերիա, Գերմանիա, Անգլիա, Յունաստան, Իտալիա եւ Շուէտի նման եւրոպական մեծ երկիրներ, այնպէս որ, իմ նպատակս ամենեւին Հայաստանի մէջ շրջագայելը չէր: Իմ Հայրենիքս տեսնելն ու հայկական անձնագիր ձեռք բերելու հապճեպ որոշումն էր գալուս նպատակը: Ներքին ձայնս ինծի կը յուշէր, որ ես, առանց յապաղելու, պէտք է ամրապնդեմ իմ կապս Մայր հայրենիքիս հետ:

Ձեր կարծիքով այսօր ի՞նչ մակարդակի վրայ կը գտնուին հայ-յորդանանեան յարաբերութիւնները:

-Յորդանանի հայ համայնքին վերաբերեալ վերջին ուսումնասիրութիւնս ինծի հնարաւորութիւն տուաւ գնահատելու Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ յարաբերութիւնները:

Յորդանանի հայերը կը պահպանեն իրենց հայկական ինքնութիւնը, Յորդանանի լաւ եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ են: Յորդանանցիները դրական տպաւորութիւն ունին Հայաստանի եւ հայերու մասին: Սակայն յորդանանցիները աւելի շատ կը մտածեն հայերու հիմնախնդիրներու, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան մասին, քան Յորդանանի կառավարութիւնը, որն իր ազգային շահերը վեր դասելով` միեւնոյն ժամանակ կը յիշէ, որ 20-րդ դարասկիզբը հայերն ու յորդանանցիները կը դիմակայէին Օսմանեան կայսրութեան բռնապետերուն եւ անոնց վայրագութիւններուն:

Կարեւոր է վկայակոչել յորդանանցի  գիտնականի մը խօսքը. «Հայերը Յորդանան եկան իրենց մեծ մշակոյթով, հմտութիւններով եւ մասնագիտութիւններով, որոնք հարկաւոր էին զարգացող պետութեան քաղաքական գործիչներուն, իսկ հայերու քրիստոնեայ ըլլալը  օգնեց անոնց ծանօթանալ յորդանանեան մշակոյթին եւ ընդելուզուիլ այդ հասարակութեան մէջ: Հայերը միշտ ալ ապացուցած են, որ Յորդանանի լաւ քաղաքացիներ են: Չնայած երկրին եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող տարբեր զարգացումներուն` անոնք ազգային հարցերը բարձրացնելու համար երբեք չեն օգտուած առիթէն: Հայերը համակարգի եւ ժողովուրդի հետ երբեք լարուած յարաբերութիւններ չեն ունեցած. անոնք խաղաղասէր ժողովուրդ են»:

Յորդանանցի պատմաբան Ատնան Պախիթը հայերուն բնութագրած է որպէս արժանապատիւ, հպարտ, զարգացած, ստեղծագործ, բարի եւ իրենց ազգին հաւատարիմ ժողովուրդ: «Անոնց կոչումը կատարելութիւնն է»,-ըսած է Պախիթը:

Յորդանանցի մէկ այլ յայտնի գիտնական եւ գրող  ըսած է. «Հայկական ինքնութիւնը կը թարմացուի եւ կրկին  ի յայտ կու գայ` իշխանութեան հաւասարակշռութեան եւ աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութիւններուն պատճառով»:

Այս մէջբերումները պարզապէս նախաբան են Հայաստանի եւ Յորդանանի միջեւ առկայ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցի պատասխանին, սակայն երկու պետութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը դեռեւս ամուր չէ, քանի որ յորդանանցիները եւ ինծի շրջապատող մարդիկ շատ քիչ տեղեկութիւններ ունին Հայաստանի մասին: Հիմնական պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ Հայաստան բաւարար չափով ներկայացուած չէ Յորդանանի մէջ:

Դուք այս տարուան Մայիս ամսուն մասնակցած էք Պէյրութի հայկազեան համալսարանի կազմակերպած «Յորդանանի հայերը» գիտաժողովին: Ին՞չ զեկոյցով հանդէս եկած էք:

-Գիտաժողովին  ես ներկայացուցի «Հայկական սփիւռքը Յորդանանի մէջ. ընդելուզման գործընթացքի եւ Հայրենիքի հետ կապի պահպանման միջեւ» խորագիրով զեկոյցը:

Զեկոյցին կ’առաջարկեմ, որ Հայաստան Յորդանանի հայ համայնքի ներուժը օգտագործէ Յորդանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները խթանելու եւ Յորդանանի մէջ ազգային շահերը առաջ տանելու նպատակով:

Հաշուի առնելով, որ թեման արդիական է եւ կը վերաբերի ոչ միայն Յորդանանին եւ Հայաստանին, այլեւ` աշխարհի այն երկիրներուն, որոնք կը դառնան փախստականներուն համար հիւրընկալ պետութիւններ, այս գիտաժողովի արդիւնքները կրնան ուսումնասիրութեան նիւթ դառնալ` համապատասխան ոլորտին մէջ:

IMG_6495

Տիկի՛ն Մատլէն, Դուք հանդիպեցաք նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին օրակարգային ի՞նչ հարցեր քննարկեցիք, արդեօք կ’ակնկալուի՞ յետագայ համագործակցութիւն:

-Իսկապէս, շատ ուրախ էի, որ հնարաւորութիւն ունեցայ քրոջս` Աննա Մեծակոբեանի հետ, հանդիպելու ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ  Յակոբեանին, որ կարեւոր դեր կը խաղայ Հայաստանի ազգային շահերը առաջ տանելու եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու  կարեւոր գործին մէջ: Քննարկման ընթացքին կիսուեցանք մեր գաղափարներով, հանդէս եկանք երկուստեք առաջարկներով, որոնք մեզի աւելի ոգեւորեցին` ամուր կամուրջ ստեղծելու Մայր Հայաստանի հետ: Սփիւռքի նախարարի եւ նախարարութեան աշխատակազմի հետ ունեցած ջերմ հանդիպումէն յետոյ ես յոյսով եւ լաւատեսութեամբ լեցուեցայ:

Ակնյայտ է, որ նախարարը ամէն ջանք կը գործադրէ` աշխարհասփիւռ հայերուն քաջալերելու եւ Հայաստանի շուրջ համախմբելու համար:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up