Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄը Երկու Կրթանպաստներ Կը Շնորհէ

ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին կողմէ այս տարի հաստատուած կրթանպաստներու հիմնադրամը իր առաջին երկու կրթանպաստները (1000ական տոլար) շնորհած է մասնաճիւղի երկու համալսարանական անդամներու՝ Քլոտիա Լիսթին (Տէմիրճեան) եւ Թամար Տէյիրմէնճեանին։

Մասնաճիւղի նուիրեալ եւ գործօն անդամներ ըլլալու կողքին, անոնք երկուքն ալ գործօն անդամներ են շրջանի ՀԵԴ «Ռոստոմ» ուխտին։ Անոնք 2014ին միասնաբար մասնակցած են Հայաստանի մէջ կայացած ՀՄԸՄի Համահայկական 10րդ բանակումին, իսկ Քլոտիան, 2015ին, վեց շաբաթով մասնակցած էր ՀԵԴ «Երիտասարդական æոկատներ» ծրագիրին կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուած գործունէութեան։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up