Գերսամ Ահարոնեանի Հարիւրամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Կիրակի, Նոյեմբեր 13ին, երեկոյեան ժամը 6ին ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ (1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001) տեղի պիտի ունենայ վաստակաւոր ուսուցիչ Գերսամ Ահարոնեանի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած գնահատանքի հրապարակային ձեռնարկ մը։
Ելոյթներ պիտի ունենան մեծարեալին եբեմնի ուսանողներէն՝ Արփի Սիմոնեան, Սիւզի Պահատրեան, Արա Ահարոնեան եւ Վաչէ Սեմերճեան, իսկ հանդիսավարն է Օշին Քէշիշեան։
Ներկաները նաեւ պիտի ունկնդրեն Գերսամ Ահարոնեանի մէկ ելոյթը, որ արտասանուած է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին։
Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր մը։
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։