Հարցազրոյց Քուէյթի Ազգային Վարժարանի Տնօրէն Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեանի հետ

Խնդրեմ ներկայացնէք Քուէյթի Ազգային վարժարանը:

Քուէյթի Ազգ. վարժարանը մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական (Պաքալորիա) դասարան ընդգրկող ազգային ուսումնակրթական կարեւոր հաստատութիւն մըն է: Անիկա Արաբական Ծոցի երկիրներու տարածքին մէջ գործող միակ ամէնօրեայ վարժարան է, հիմնուած է 1960-ին, քուէյթահայ համայնքի զաւակներուն կողմէ հսկայական զոհողութիւններու շնորհիւ՝ վարժարանը կանգուն կը մնայ եւ աշխուժ ձեւով կը գործէ մինչեւ այսօր:
Ի դէպ Քուէյթի Ազգային վարժարանը իր մէջ կ’ընդգրկէ երեք դպրոցներ, «Արեգակ» մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ, եւ երկրորդական: Այս վերջինին արաբերէն անուանակոչումը «Ալ Թատամոն» երկրորդական վարժարան է, ուր կը կիրարկուի Քուէյթի ուսումնական պետական ծրագիրը, այսինքն՝ աշակերտը կը պատրաստուի քուէյթեան պաքալորիայի վկայական առնելու համար: Սակայն ազգային մակարդակի վրայ վարժարանը մէկ ամբողջութիւն է. կը տնօրինուի մէկ վարչական անձնակազմով եւ մէկ հոգաբարձութեամբ:
Քուէյթի Ազգային վարժարանը կը վայելէ Քուէյթի Առաքելական եկեղեցւոյ Թեմի հովանաւորութիւնը: Աշակերտութեան ընդհանուր թիւը 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին կը կազմէ 398 հայ աշակերտ (վարժարան կը յաճախեն բացառաբար հայ աշակերտներ) այս թիւը 1990-ին իրաքեան ներխուժումէն առաջ հասած էր մինչեւ 900-ի: Վերջին տարիները աշակերտութեան թիւը կայուն վիճակ մը կը պարզէ, անկախ այն բանէն որ վերջերս դէպի Հայաստան եւ Գանատա տեղափոխման պատճառով ինչպէս նաեւ կարգ մը քուէյթահայ ընտանիքներու զաւակներուն օտար վարժարաններ (ամերիկեան, անգլիական եւ այլն) յաճախելուն հետեւանքով ակներեւ դարձած է թիւի փոքր տոկոսի մը նահանջը:
Պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներու ընդհանուր թիւն է 56, որոնց մեծամասնութիւնը հայերէ կը բաղկանայ:

Հայերէնաւանդութիւնը ինչպէ՞ս կ՛իրականանայ դպրոցէն ներս եւ ի՞նչ դժուարութիւններ գոյութիւն ունին:
Հայերէնաւանդութիւնը կը կիրակուի բոլոր կարգերուն մէջ, մանկապարտէզէն պաքալորիա, վարժարանին կողմէ որդեգրուած յատուկ ծրագիրով կ’օգտագործուին զանազան դասագիրքեր: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ կրօնի, Հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան եւ Հայ Դատի դասապահեր (բարձր կարգերուն համար): Հայերէնաւանդ ուսուցիչները մեծամասնութեամբ իրենց դասաւանդած առարկային մասնագէտն են եւ վկայեալ ուսուցիչներ են:
Ծրագիրը մատուցելու ընթացքին յաճախ կ’օգտագուծուին արդիական միջոցներ (լսատեսողական եւ այլն):
Հիմնական դժուարութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ, որ երկրորդականի մէջ Հայոց լեզուի գնահատանիշը պետական վկայականին համար վճռորոշ չէ, բան մը որ յաճախ աշակերտները եւ ծնողները կը մղէ անտարբերութեան:
Այսօր վարժարանէն ներս այս հարցը լուրջ քննարկման առարկայ է:
Երկրորդ՝ որդեգրուած ծրագիրը կարիք ունի արդիականացման, իսկ ուսուցիչներու վերաորակաւորման հարցը պէտք է որ մնայուն ձեւով իրագործուի:

Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջանաւարտները ո՞ր համալսարաններուն մէջ կը շարունակեն իրենց բարձրագոյն ուսումը: Ի՞նչ դժուարութիւններ կը յառաջանան այս պարագային:

Շրջանաւարտներուն կարեւոր մէկ տոկոսը իր բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակէ Քուէյթի համալսարաններէն ներս, սուրիական պատերազմէն առաջ մեծ թիւով շրջանաւարտներ կ’արձանագրուէին սուրիական համալսարաններուն, որոնց ծրագիրները ներդաշնակ էին ու մատչելի քուէյթեան պաքալորիայի վկայականին տիրացողներու մակարդակին եւ գիտելիքներուն:
Այսօր, Հայաստանի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսումը շարունակող քուէյթահայ աշակերտներուն թիւը սկսած է աճիլ (պետական, ամերիկեան եւ այլ համալսարաններու մէջ), կան նաեւ շրջանաւարտներ, որոնք կ’արձանագրուին Լիբանանի համալսարաններ: Ի դէպ, այս պատկերին վիճակագրական յատուկ տուեալները հաւաքելէ ետք, վարժարանս այս տարի պիտի զարգացնէ եւ մնայուն ծրագիրի վերածէ նախորդ ուսումնական տարին փոքր քայլերով սկսած TOFELի եւ SATի կարեւոր այլ ծրագիրներու կիրառումը վարժարանէս ներս: Մեր նպատակն է շրջանաւարտներուն լայն առիթ ընծայել, որպէսզի առանց դժուարութեան կարենան մուտք գործել իրենց նախասիրած համալսարանը:
Այս տարի ի գործ դրուած է նաեւ բարձր կարգերու աշակերտները զանազան համալսարաններու ծանօթացնելու ծրագիր մը, որոնց ծիրէն ներս 27 Նոյեմբերին, Երեւանի Ամերիկեան համալսարանէն պատուիրակութիւն մը, իրենց նախաձեռնութեամբ, պիտի այցելէ վարժարանս:

Ինչպէ՞ս կը գնահատէք դպրոցի մասնակցութիւնը համահայկական ուսումնական եւ դպրոցական միջոցառումներուն:

Կը կարծեմ որ այս հարցը շատ կարեւոր է: Քուէյթի Ազգային վարժարանը պէտք է կարեւոր տեղ ունենայ համահայկական եւ յատկապէս սփիւռքեան դպրոցներու ցանցին մէջ: Մենք մեկուսացած եւ ինքնանպատակ հաստատութիւն մը չենք, ճիշդ այդ պատճառով կը կարեւորեմ մեր մանակցութիւնը (ուսուցիչներու եւ աշակերտներու) համահայկական ուսումնակրթական եւ դպրոցական, սփիւռքի եւ հայրենիքի բոլոր կարեւոր ծրագիրներուն:
Հիմա արդէն կը սերտենք այդ ծրագիրները, որպէսզի որոշենք մեզի համար նպատակայարմար մասնակցութեան եղանակը:

Ի՞նչ նոր ծրագիրներ ունի վարժարանը, նիւթական վիճակը ինչպէ՞ս է: Ի՞նչ դժուարութիւններ ունիք:

Վերը յիշեցի արդէն մի քանի ծրագիրներ: Հոս կ’ուզեմ աւելցնել նաեւ, որ ծրագիր ունինք դպրոցի արխիւները թուայնացնելու արդիական IT ծրագիրով մը, բան մը որ պիտի նպաստէ վարչական գործերու հեզասահ ընթացքին, տեղեկանքներու ճշգրիտ պահպանման եւ գործածութեան, ինչպէս նաեւ ծնողք- աշակերտ- դպրոց կապի գործնականացման:
Համայնքի տնտեսական վիճակը վերջին քանի մը տարիներուն շատ փայլուն չէ, կարիքաւոր ծնողներուն թիւը աճած է, բան մը որ սկսած է ազդել դպրոցի պիւտճէին վրայ: Անկախ անոր, որ Ազգային վարժարանի կրթաթօշակը համեմատաբար Քուէյթի միւս վարժարաններուն շատ աւելի մատչելի է:
Քուէյթի եկեղեցւոյ հիմնախնդիրը վերջին շրջանին առիւծի բաժինը կը խլէ համայնքի նիւթական կարելիութիւններուն. ճիշդ այս պատճառով վարժարանս պիտի դիմէ հայկական վարժարաններուն օժանդակող համահայկական հաստատութիւններուն:

Վերամուտին առիթով ծնողներուն ի՞նչ ունիք յայտնելիք:

Կ’ուզեմ ըսել, որ Քուէյթի Ազգային վարժարանը քուէյթահայ համայնքի բաբախող սիրտն է, կարելի չէ այս համայնքը պատկերացնել առանց այս հաստատութեան, որուն հիմնադրութեան, պահպանման եւ զարգացման գործին մէջ կայ բոլոր քուէյթահայերուն ճիգն ու քրտինքը: Դպրոցին շուրջ բոլորուիլը, անոր նիւթաբարոյական կերպով նեցուկ կանգնիլը պէտք է բոլորին հիմնական նպատակը ըլլայ:
Այս առիթով յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր սիրելի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ քուէյթահայ համայնքին եւ կը բաղձամ բարգաւաճում եւ յարատեւ զարգացում:

Քուէյթ
30 Հոկտեմբեր 2016

www.kantsasar.com

Scroll Up