«Լրագրութեան Կարեւորագոյն Նպատակներէն Մէկը Հայանպաստ Գործունէութեամբ Զբաղուիլն Է». Արտեմ Գարայեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծիրէն ներս երեւանեան օրերու նիստերուն ընթացքին հնչեցին հետաքրքիր ելոյթներ, եղան գործնական, ուշագրաւ առաջարկութիւններ, քննարկումներ, որոնք, անշուշտ, պիտի դառնան յետագային գումարուելիք համաժողովներու հենքը: Մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք հատուածներ համաժողովին ընթացքին հնչած ելոյթներէն:

Zaven

Զաւէն Գրիգորեան, Յունաստան, «Նոր աշխարհ» թերթի խմբագիր, թեման`  «Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ. Հայրենի հողը, Հայրենիքը եւ պետականութիւնը»

-Իմ նիւթիս թեման մեր հայրենի հողը, Հայրենիքը եւ հայկական պետականութիւնն է, իմ մտածումներուս, սահմանումներու թեման է այն: Հողը ազգի գոյատեւութեան հիմնական պայմանն է, հողը ժողովուրդի հոգին է, ժողովուրդի լեզուն, մշակոյթը, քաղաքակրթութիւնը: Երբ հայրենի հող կ’ըսենք, պէտք է հասկնանք նաեւ ի նկատի ունենանք այն մարդոց, որոնք անմիջականօրէն  կապուած են հողին հետ, հայ մշակոյթին հետ: Հո՛ղն է, որ ժողովուրդին կեանք կու տայ: Հողը ժողովուրդին լեզուն է, քաղաքակրթութիւնը: Հայրենիքի եւ ազգի կազմաւորման ու գոյատեւման մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ  ժողովուրդի ազգային նկարագիրը: Հայրենիքը եւ մեր ազգը դարեր շարունակ վտանգներու  ենթարկուած է, սակայն չենք կրցած գիտակցիլ, որ այնտեղ պակսած է միասնական, կեդրոնական հաւաքական իմաստուն քաղաքականութիւնը, որպէսզի կարենանք գոյատեւել ու հզօրանալ, մենք չկրցանք օգտուիլ պատմութեան դասերէն, մեզի բաժին հասած աղէտներէն դասեր չքաղեցինք. տխուր պատկեր է: Ազգային միացեալ դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ. այն Հայրենիքի գոյատեւման եւ յառաջադիմութեան մէջ առաջին նախապայմանն է:

Artem

Արտեմ Գարայեան, Ուքրանիա, «Հայկական լրատու» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, թեման` «Հայկական լրատու» հանդէսի փորձը սփիւռքեան կառոյցներուն հետ համագործակցութեան ոլորտին մէջ»

-Մենք այսօր կը համագործակցինք Ուքրանիոյ լաւագոյն հայ լրագրողներուն հետ, որոնք կ’աշխատին համամիութենական զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ: Մենք Ուքրանիոյ մէջ ստեղծած ենք Հայ լրատուամիջոցներու միութեան` «Արագած» թերթը, Խարքովի «Կանչ» թերթը, Տնեպրոպետրովսկի «Կռունկ» թերթը, Օդեսայի «Վերնատունը», Կանանց միութեան «Նռնենի» պաշտօնաթերթը եւ այլն: Ես չեմ անդրադառնար համացանցային աղբիւրներուն, որոնք թիւով 10 են եւ կը համագործակցին Հայաստանի լրատուամիջոցներուն հետ: Մեր «Հայկական լրատուն» շատ  արդիւնաւէտ կը համագործակցի Հայաստանի լրատուամիջոցներուն հետ` նիւթերու փոխանակութեան առումով: Մեր հանդէսի ֆէյսպուքեան էջը մօտ 10.000  այցելու ունի: Մենք հայանպաստ գործունէութեամբ կը զբաղինք: Կը կարծեմ` լրագրութեան  կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն ալ հէ՛նց սա է:

 

Scroll Up