Գինեձօն՝ Դոկտ. Յ. Ահմարանեանի «Մարմնաւոր Հրեշտակ՝ Գրիգոր Նարեկացի» Հատորին

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2016ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ «Ռէյմոն եւ Անի Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական եկեղեցւոյ 36րդ վարդապետ եւ սուրբ հռչակուելուն առթիւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հրատարակած գիրքին շնորհահանդէսը:
Կոկիկ մշակութասէր հասարակութիւն մը ներկայ էր հանդիսութեան:
Օրուան հանդիսավարը՝ Անթուան Գարամանլեան, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա բեմ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ հայր Անտոն Նորատունկեանը, որ գեղեցկօրէն ներկայացուց օրուան թեմային մասին իր հակիրճ, սակայն իմաստալից պատգամը:
«Նախ ուրախ եմ, որ հատորը ներկայացնելու պատասխանատու գործը յանձն առաւ հոգեւոր եղբայրս՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ հայր Թովմաս Կարապետեան: Օրերու փոթորկոտ թաւալումին հետ, երբ քիչ մը ամէն տեղ կը խաթարուի բարոյական արժէքներու հանդէպ գիտակցութիւնը, ձայն մը կը հնչէ իբրեւ զգաստութեան հրաւէր՝ արձագանգելու համար մեր նախնեաց սուրբ հաւատքէն հեռացող հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ: Այդ ձայնը կը հնչէ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի գրիչէն նոր լոյս տեսած «Մարմնաւոր Հրեշտակը՝ Գրիգոր Նարեկացին» հատորին մէջ: Հեղինակը իր այս աշխատանքով մեզի հաղորդակից կը դարձնէ Նարեկացիի՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ այս վարդապետին հոգեկան աշխարհին: Այս երեկոյեան հաւաքոյթը առիթ կ՛ընծայէ բոլորիս հաղորդուելու «Մարմնաւոր Հրեշտակ՝ Գրիգոր Նարեկացի»ի աղօթաբոյր խոհերուն հետ եւ անոր ընդմէջէն՝ ձգտելու Աստուծոյ էութեան հետ միանալու եւ անմահանալու», ըսաւ ժողովրդապետ հայրը:
Հանդիսավարը, կարդալէ ետք հայր Թովմաս Կարապետեանի հակիրճ կենսագրականը՝ բեմ հրաւիրեց յարգելի բանախօսը:
Հայր Թովմաս նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին եւ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբին, որոնք իրեն վստահած էին այս երեկոյի բանախօսութիւնը:
Հայր Թովմաս շուտով իր դիւրահաղորդ մօտեցումով գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը. անոնք 30 վայրկեան տեւող զեկոյցին ընթացքին, ուշի ուշով եւ առինքնուած հետեւեցան բանախօսի պատգամին:
Բանախօսը նախ խօսեցաւ Նարեկացիի՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ անուանուելուն մասին, որ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, Հռոմի մէջ, 12 Ապրիլ 2015ին:
Դոկտ. Ահմարանեանի գիրքը բաժնուած է երեք մասերու.
ա) «Մատեան Ողբերգութեան» գիրքին երկու դերակատարները՝ Աստուած եւ Գրիգոր Նարեկացի մարդը.
բ) Աստուծոյ հետ ըլլալու միջոցառումները.
գ) Քրիստոս Նարեկացիի մէջ եւ Նարեկացին՝ Քրիստոսի մէջ:
Բանախօսը մերթ ընդ մերթ գիրքէն կատարեց մէջբերումներ, որոնք մեծապէս տպաւորեցին ներկաները:
Հաճելի էր ունկնդրել հայր Թովմասի դասախօսութիւնը, որովհետեւ շնորհիւ իր հմտութեան եւ խօսելաոճին, աւելի եւս լուսաբանուեցանք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի սրբակենցաղ եւ միսթիքական կեանքին մասին:
Գեղարուեստական յայտագիրով մը, զոր պատրաստած էր «Այտընեան» երգչախումբի երկարամեայ ղեկավար Կրէկ Սարոյեան, բեմ բարձրացաւ շարականագէտ, համակրելի, համեստ եւ անզուգական ձայնով օժտուած արուեստագէտ Վաչէ Հայրապետեան, որ Նարեկացիէն հրամցուց «Հաւուն-Հաւուն» շարականը՝ արժանանալով բուռն ծափափահարութիւններու:
Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը, որ իր սրտի խօսքը ուղղէ ներկաներուն: Տէր հայրը նախ շնորհաւորեց ժողովրդապետ հայը եւ եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբը, նման ձեռնարկ մը կազմակերպելու համար: Ան, բարձ-րաթռիչ հայերէնով իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի կատարած գործին:
«Այս գիրքը լուրջ մտաւորականի սիրայօժար եւ տքնաջան աշխատանքի դրոշմը կը կրէ, ինչի համար ալ ջերմապէս կը շնորհաւորեմ հեղինակը: Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» հրաշալի գործը, ինչպէս նաեւ սուրբին տարբեր ստեղծագործութիւնները զայն կը դարձնեն Հայ եկեղեցւոյ եւ միջազգային գրականութեան մեծագոյն տիտաններէն մէկը, որուն գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, ըսաւ ան:
Դարձեալ բեմ հրաւիրուեցաւ արուեստագէտ Վաչէ Հայրապետան եւ Նարեկացիէն երգեց «Սայլն ան իջանէր» հոգեթով շարականը՝ յուզելով ներկաները:
Ապա բեմ բարձրացաւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի երկարամեայ բարեկամ՝ մայէսթրօ Կրէկ Սարոյեան, որ յայտնապէս յուզուած՝ իր սրտառուչ խօսքը ուղղեց դոկտ. Ահմարանեանին:
«Սիրելի դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանը, տոգորուած Նարեկացիի սիրով՝ համբերութեամբ եւ յամառ աշխատանքով յաջողած է մատչելի դարձնել Ս. Գրիգոր Նարեկացիին ապրումներու ներաշխարհը: Դո՛ւք, դոկտ. Յովհաննէս, երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէք հայ մշակոյթին եւ գրականութեան. փաստ՝ ձեր երեսունէ աւելի հրատարակած գիրքերը: Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն եւ երկար կեանք, որպէսզի նորանոր գիրքերով հարստացնէք հայ գրականութեան անդաստանը», եզրափակեց մայէսթրօն:
Վաչէ Հայրապետեան դարձեալ իր գեղեցիկ ձայնով երգեց «Տէր Ողորմեա» յուզիչ շարականը:
Վերջաւորութեան բեմ բարձրացաւ դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեան եւ իր յուզախառն շնորհակալութիւնը յայտնեց ներկաներուն, օրուան յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած անձերուն եւ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան յանձնախումբին, որոնք պատրաստած էին երեկոյի հիւրասիրութիւնը:
Հայր Անտոն Նորատունկեանի փակման աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց գինեձօնի արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ յայտագիրին մաս կազմած անձերուն:
Աւարտին, դոկտ. Յովհաննէս մակագրեց իր գիրքերը, որոնց հասոյթը նուիրեց եկեղեցւոյ:
ԱՆԹՈՒԱՆ ԳԱՐԱՄԱՆԼԵԱՆ
Այսպարէզ