Շամիրամ Սեւակի յուղարկաւորութիւնը

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20-ի յետմիջօրէին Նիսի Սէն-Ֆիլիփ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յուղարկաւորութիւնը նահատակ բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի աղջկան՝ Շամիրամ Սեւակի, որ առջի օր իր մահկանացուն կնքեց 102 տարեկանին:

Ըստ «Նոր Յառաջ»-ի՝ արարողութիւնը կատարեցին Տարօն եպիսկ. Ճէրէճեան եւ Գրիգոր աբղ. Խաչատրեան:

Եկեղեցին լեցուցած յուղարկաւորներուն մէջ էին Հայաստանի Մարսիլիոյ աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշ, Ռուբէն Սեւակի եղբօրորդին՝ Յովհաննէս Չիլինկիրեան, Մարսիլիոյ «Սահակ-Մեսրոպ» երգչախումբի ղեկավար Խաչիկ Եըլմազեան…:

Scroll Up