3.4 Միլիոն Տոլար Հանգանակուած Է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Մեկնարկի Ճաշկերոյթին

Շաբաթ Հոկտեմբեր 8ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Jonathan Club»ին մէջ աւելի քան 300 հիւրեր հաւաքուած էին նշելու Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Որբերու եւ մանուկներու խնամակալութեան յանձնախումբի 25ամեակը:
Ճաշկերոյթին համաատենապետներ Կերի Ֆիլիփս եւ Ճեք Մընչերեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն, ապա օրուան հանդիսավար Փօլ Գալեմքէրեան տօնական տրամադրութեամբ վարեց երեկոն:
Ճաշկերոյթի հովանաւորներու առատաձեռն նուիրատուութեամբ, նոյն գիշեր ԱՀԱԸի հարիւրամեակի մեկնարկին գոյացաւ շուրջ 3.4 միլիոն տոլար գումար մը:
Տոքթ. Լիզա Գարամարտեանի հոգեւոր խորհրդածութենէն եւ աղօթքէն ետք, ԱՀԱԸի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան յամառօտ կերպով ներկայացուց ընկերակցութեան հարիւրամեակի մեկնարկը եւ 20 միլիոն տոլարի մարտահրաւէրը: Իսկ Կրէկ Հօշարեանի քառեակը ճոխացուց երեկոն հայկական դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեամբ:
Ապա Թինա Սեկելի արտադրած եւ պատրաստած տեսահոլովակը ամփոփ կերպով ներկայացուց 1991ին հիմնուած ԱՀԱԸի Որբերու եւ երեխաներու խնամակալութեան յանձնախումբի հիմնադիր անդամները: Յատուկ յիշատակութեամբ ներկայացուեցան յանձնախումբի հիմնադիր անդամները՝ Ճոյս Ապտուլեան, Էլիզապէթ Աղպապեան, Հերմինէ Ճանոյեան, Կրէյս Քիւրքճեան, Մէյրի Նաճարեան, Ճոյս Սթայն եւ Սաւի Թիւֆէնքեան (Լոս Անճելըս), Ռոզէթ Թութիկեան (Տիթրոյիթ), Միշել Սիմուրեան (Պոսթըն), Ժիւլիէթ Վարդանեան-Ապտուլեան (Շիքակօ) եւ Մերի Ճէյն Հէքէմեան (Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի):
ԱՀԱԸի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան կատարեց զգայնացունց յայտարարութիւնը՝ հարիւրամեակի մեկնարկի մարտահրաւէրին կատարուած երեք միլիոն տոլարի նուիրատութիւններուն. մէկական միլիոն տոկար՝ բժիշկներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեաններէն, Փիլիպոսեան եւ Քոնթէ հիմնարկէն եւ նուիրատուէ մը, որ կը հաստատէր «Բաբգէն եւ Հէլէն Մկրտիչեան» հիմնադրամը: Խանճեան իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց հիմնադիր անդամներուն, «որոնց խիզախ եւ յառաջապահ արարքը՝ 25 տարիներ առաջ, պատմութիւն կերտեց, անկիւնադարձ մը յառաջացնելով ԱՀԱԸի, ինչպէս նաեւ Մայր հայրենիք Հայաստանի ընթացքին մէջ»:
«Այս նախաձեռնութիւնը եղաւ այն վստահելի եւ բարեհամբաւ հիմը, որուն վրայ Հայաստանի 25 տարիներու անկախութեան ընթացքին ԱՀԱԸը կառուցեց բարեսիրութեան հսկայ հիմնարկ մը, երկրի ամբողջ տարածքին», եզրակացուց ան:
Ճոյս Սթայն՝ Միացեալ Նահանգներու Որբերու եւ մանուկներու խնամակալութեան յանձնախումբի համաատենապետը, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն տաղանդաւոր կանանց իւրայատուկ ջանքերուն համար, որոնցմով կարելի դարձաւ իրականացնել իրենց տարեկան հաւաքոյթները՝ մանուկներու տարազներու ցուցադրութիւն եւ աճուրդներ, որոնց իբրեւ արդիւնք՝ տարիներու ընթացքին հանգանակուած է աւելի քան հինգ միլիոն տոլար:
Յանձնախումբի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի համաատենապետներ Լորի Մընչերեան եւ Արսինէ Ֆիլիփս պատուեցին յանձնաժողովի բոլոր անդամները՝ անոնց յանձնելով շրջանակի մէջ առնուած գծագրութիւններ, պատրաստուած յատկապէս այս նպատակին համար՝ Հայաստանի մանուկներու կողմէ:
Ճաշկերոյթի հանդիսավար Գալեմքէրեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները, որ իբրեւ փակման օրհներգ՝ երգեն «God Bless America» երգը:
Երեկոն իսկապէս յաջող բոլոր մակարդակներու վրայ։ Մեկնարկը արժանի գնահատանք մըն էր, որ ամուր հիմերու վրայ դրաւ ընկերակցութեան հարիւրամեակի արշաւը։