Թանգեան, Մարոնեան, Փինիոն Եւ Քոտակոլեան Պիտի Մեծարուին Շարժապատկերի «Արփա» Փառատօնին Ընթացքին

Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկին (AFFMA) նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3ին պիտի սկսի այս տարուան «Արփա» շարժապատկերի միջազգային 19րդ փառատօնը, Լոս Անճելըսի պատմական «Իճիփշըն» թատերասրահին մէջ (6712 Hollywood Blvd.)։

Այս տարի եւս, չորսօրեայ այս փառատօնը պիտի կեդրոնանայ ընկերային հարցեր  արծարծող, մարդկային իրաւանց առնչուող եւ մարդասիրական

նիւթերու վրայ:

Փառատօնը պիտի սկսի Լեւոն Մինասեանի «Bravo Virtuoso»ի անդրանիկ ցուցադրութեամբ, իսկ բացման օրը հատուածներ պիտի ցուցադրուին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Խոստումը» ֆիլմէն, որմէ ետք կարծիքներու փոխանակում տեղի պիտի ունենայ ֆիլմը արտադրողներուն եւ դերասաններուն հետ։

Փառատօնին ընթացքին պիտի ցուցադրուին 23 երկիրներէ 55 ֆիլմեր, ներառեալ՝ Քաննի փառատօնի մրցանակին արժանացած Սերժ Աւետիքեանի «Lost in Armenia»ն, Պրենտ Մատարի «Booger Red»ը, Ալպեր

Քոտակոլեանի «Somewhere Beautiful»ը, Դաւիթ Սաֆարեանի «Hot Country, Cold Winter»ը եւ Պարէտ Մարոնեանի «Women of 1915»ը։

Նաեւ, մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «Women of 1915» ֆիլմին պիտի շնորհուի Արմին Թ. Վեկնըրի անուան մրցանակը, իսկ «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը՝ դերասան Տոմինիք Փինիոնին։ Նաեւ, «Ասպարէզի իրագործում» մրցանակը պիտի ստանայ յայտնի յօրինող եւ երգիչ Սերժ Թանգեան, իսկ «Նոր արուեստագէտ» մրցանակը՝ Ալպեր Քոտակոլեանին:

Պիտի ցուցադրուին նաեւ հայկական դասական գլուխ գործոց ֆիլմեր, ինչպէս նաեւ շրջանի շարժապատկերի վարժարաններու ուսանողներու ստեղծագործութիւններ։

Փառատօնին առընթեր կազմակերպուած է նաեւ աշխատանիստ մը, գլխաւորութեամբ՝ «Lord of the Rings» եւ «Pirates of the Caribbean»ի նման հոլիվուտեան յայտնի արտադրութեանց մասնակցած Ռաճըր Գուբէլեանի։ Փառատօնի ամբողջական յայտագիրին համար, այցելելArpafilmfestival.com կայքը:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up