Սրբոց Թարգմանչաց Տօնը Նոր Ջուղայի ՄԷջ. լուսանկարներ

Սրբոց թարգմանչաց  տօնին առթիւ, Հոկտեմբեր 8-ի առաւօտեան, Ս. Ամենափրկչեան Վանքի Ս. «Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ`  մասնակցութեամբ  Շահինշահր քաղաքի  հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ  Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանի, թեմիս քահանայից ու դպրաց դասերու եւ Ս.Ա. վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբին: Պատարագը նախագահեց     Սպահանի Հայոց թեմի  նորանշանակ կաթողիկոսական փոխանորդ  Տ. Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեան:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան` ներկայ էին ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները, Հայոց ազգային դպրոցներու  աշակերտութիւնը, տեսչութիւնները, ուսուցչաց կազմերը, ծնողական խորհուրդները եւ թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակը յարգող  այլ հայորդիններ: Եկեղեցական արարողութենէն ետք  «Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի»-ի անուան թանգարանի մուտքին առջեւ տեղադրուած Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի կիսանդրիներուն մօտ տեղի ունեցաւ  աշակերտական ելոյթներ` մասնակցութեամբ   Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային նախակրթարանի սաներու,  «Արմէն» երկսեռ տարրական կրթահամալիրի եւ «Քանանեան» իգական  եւ  «Կատարինեան»  արական  միջնակարգ  դպրոցներու  աշակերտութեան:  Օրուան առթիւ ելոյթ ունեցաւ Իրանի Իսլամական Խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր  Ժորժիկ Աբրահամեան:

Ձեռնարկին ընթացքին  յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան Ս.Ա. վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի»  եւ դպրոցներու գրադարաններու ամենաշատ գիրք ընթերցած    աշակերտ-աշակերտուհիներ` Նելի Ղազարեան, Սինթիա Պօղոսեան, Էտրին Թորոսեան,  Էրուին  Բաղրամեան, Արամէ Խաչատրեան, Տեսիլ  Գալստանեան, Մարինէ Խաչատրեան, Մելուին Թորոսեան, Արփինէ Մովսիսեան, Լիլիթ Յովսէփեան եւ Վանանդ Իսաղուլեան, ինչպէս նաեւ` «Ն.  Շնորհալի» գրադարանին մէջ կայացած  «Հեքիաթներու  հերոսները» խորագրով նկարչութեան  մրցոյթի յաղթող` Անայիս Բաբայեանը:

Աւարտին Տ. Սիփան ծ. վրդ. Քէչէճեան օրուան առթիւ իր պատգամը յղեց  ներկաներուն:

Օրհնութեամբ եւ շնորհաւորական խօսքերով լի  տօնը իր աւարտին հասաւ   վանքի բակին մէջ ամփոփուած «Քանանեան»  իգական դպրոցի հիմնադիր Վառվառէ Քանանեանի շիրիմաքարին մօտ, ուր ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն դպրոցի աշակերտութիւնը` տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ  միասին ծաղիկ խոնարհելով` միասնական աղօթքով  յարգեցին բարերարուհիին յիշատակը:

Լուսանկարները` հեղինակին

ՋուղաՋուղա1Ջուղա2Ջուղա3Ջուղա4Ջուղա5 Ջուղա7Ջուղա8Ջուղա9Ջուղա10Ջուղա11Ջուղա12Ջուղա13Ջուղա14Ջուղա15Ջուղա16

 

Scroll Up