Իզապէլ Պայրաքտարեան Համերգ Պիտի Տայ Ֆրեզնոյի Մէջ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 7ին, հանրայայտ սոփրանօ Իզապէլ Պայրաքտարեան ելոյթ մը պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. առաքելական ե-կեղեցւոյ մէջ, ներկայացնելով իր նոր ալպոմին՝ «Լոյսի Մայր»ի («Mother of Light) շարականները։
Պայրաքտարեան 5-20րդ դարերու ընթացքին յօրինուած շարականներ պիտի ներկայացնէ՝ ընկերակցութեամբ թաւջութակահար Անի Ազնաւուրեանի եւ Ֆրեզնոյի «Coro Vox Aeterna» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Աննա Համրէի։
Աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն եւ ալպոմներու մակագրութիւն։
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հասցէն է 2226 Ventura Street, Fresno, CA 93721։
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (559) 224-1001 թիւին, կամ այցելել www.signmeup.com/site/online-event-registration/116779 կայքէջը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: