Հայ­րե­նի­քը միայն շա­հի աղ­բիւր չէ, այլ հո­գե­պէս մեզ կեր­տող աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք. Ա­ռաջ­նորդ ­Հա­յոց ­Յու­նաս­տա­նի

Ամառ մը եւս ան­ցաւ Ար­ցա­խէն ե­կած ե­րե­խա­նե­րուն հետ: Այս տա­րի բնա­կա­նա­բար տար­բեր էին պայ­ման­ներն ու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը: Ապ­րի­լեան չոր­սօ­րեայ ա­զա­մար­տիկ­նե­րու զա­ւակ­ներ էին, ո­րոնց դէմ­քե­րուն շատ դժո­ւա­րօ­րէն ու­րո­ւագ­ծո­ւե­ցաւ ժպի­տը…: ­Հա­

զո­ւա­գիւտ՝ այլ խօս­քով միայն ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն եւ ա­հա այս ան­գամ եւս 8-10 տա­րե­կան ե­րե­խա­ներ ալ կա­յին, ան­շուշտ կա­ցու­թեան բե­րու­մով քա­նի նա­հա­տակ­ներ ու­նէին ըն­տա­նե­կան յար­կե­րէն ներս…

Ա­թէն­քի՝ ­Բի­րէա շրջա­նի «­Խա­ծի­գի­րիա­քիօ» որ­բախ­նամ կեդ­րո­նէն մին­չեւ «­Սի­րոս» կղզիի կե­ցու­թեան վայ­րը, Ար­ցա­խի արտ. գործ. եւ կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեանց ու հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար ­Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ու Խա­ծի­գի­րիա­քիօ բա­րեխ­նամ կազ­մա­կեր­պու­թեան, մեր կա­րե­լին ը­րինք ա­նոնց կե­ցու­թիւ­նը մա­սամբ «հա­ճե­լի» դարձ­նե­լու ծո­վու լո­գանք­նե­րով եւ կամ տե­սար­ժան ու պատ­մա­կան վայ­րեր այ­ցե­լե­լով:

Այս­տեղ ա­մե­նայն ան­կեղ­ծու­թեամբ շնոր­հա­կա­լու­թիւնս եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւնս կ­՛ու­զեմ յայտ­նել բո­լո­րին անխ­տիր՝ ­Խա­ծի­գի­րիա­քիօ հաս­տա­տու­թեան, որ ե­րե­խա­նե­րու ժա­ման­ման եւ մին­չեւ մեկ­նու­մի պա­հը, քա­նի մը օ­րեր հիւ­րա­սի­րե­ցին ու պատս­պա­րե­ցին զա­նոնք եւ մաս­նա­ւո­րա­բար ­Սի­րոս կղզիի մետ­րա­պո­լի­տին, յոյն հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուն, քա­ղա­քա­պե­տին ու քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դին եւ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն, բայց յատ­կա­պէս տեղ­ւոյն պարզ ժո­ղո­վուր­դին, ճա­շա­րան­նե­րու սե­փա­նա­կա­տէր­նե­րուն, խա­նութ­պան­նե­րուն, ո­րոնք ա­մէն օր՝ ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, չզլա­ցան ի­րենց զա­նա­զան նո­ւէր­ներն ու կա­մա­ւոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, հա­կա­ռակ երկ­րին եւ կղզիին մէջ տի­րող տնտե­սա­կան ծանր վի­ճա­կին…:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան յա­տուկ խօսք ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չին, եւ մաս­նա­ւո­րա­բար պզտիկ, բայց ԳՈՐԾԻՆ ՀԱՒԱՏԱՑՈՂ հայ­կա­կան կա­մա­ւոր խում­բին, որ ան­գամ մը եւս ա­մէն տե­սա­կի զո­հո­ղու­թեամբ ու գուր­գու­րան­քով գլուխ հա­նեց նո­ւի­րա­կան եւ սի­րե­լի այս աշ­խա­տանքն ու ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­մէն մա­կար­դակ­նե­րու վրայ:

Վեր­ջա­պէս, առ ի տե­ղե­կու­թիւն կամ յի­շեց­ման կար­գով՝ կ­՛ու­զեմ բարձ­րա­ձայն յայտ­նել, թէ Ար­ցա­խէն ե­կած ե­րե­խա­նե­րը եր­գե­լու, պա­րե­լու կամ ե­լոյթ­ներ ու­նե­նա­լու չեն գար ­Յու­նաս­տան, այլ՝ ի­րենց դա­ժան ա­ռօ­րեա­յէն մա­սամբ դուրս գա­լու եւ ա­ւե­լի խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ քիչ մը հանգս­տա­նա­լու: Եւ այն ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ բա­ցա­ռա­բար ան­ցեալ տա­րի, ­Ցե­ղա­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի եւ յատ­կա­պէս հե­տե­ւեալ հրա­շա­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեան 20ա­մեա­կի ա­ռի­թով, բո­լո­րո­վին տար­բեր նպա­տակ ու­նէր, ­Յու­նաս­տա­նի եւ հա­մայն աշ­խար­հին ցոյց տա­լու հա­մար թէ պա­տե­րազ­մի մէ՛ջ ան­գամ ինչ ՀՐԱՇՔ ԵՐԵԽԱՆԵՐ ԿԸ ԾՆԻ ու ԿԸ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿԷ ԱՐՑԱԽԸ:

Մեր հիւ­րըն­կա­լու­թիւ­նը, մեր հո­գա­տա­րու­թիւ­նը, մեր ջերմ ըն­կե­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ մեր ան­ցու­ցած այս սեղմ ժա­մա­նա­կը Ար­ցա­խի հե­րոս­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն հետ ոչ միայն նո­ւա­զա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւն է, այլ գու­ցէ նաեւ ո­չինչ այն հսկայ զո­հո­ղու­թեան, այն հսկայ նո­ւի­րու­մին, այն հսկայ ինք­նա­նո­ւի­րա­բե­րու­մին դի­մաց, որ կա­տա­րած են ար­ցախ­ցի այս սե­րուն­դին ծնող­նե­րը, մեր սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող­նե­րը…:

Ա՛լ չենք խօ­սիր այս նո­ւի­րա­կան ե­րե­ւոյ­թին դի­մաց ան­տար­բեր մնա­ցող­նե­րուն, ձե­ւա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած­նե­րուն մա­սին: ­Մե՛նք ենք, որ հո­գե­պէս լից­քա­ւո­րո­ւե­ցանք այս սե­րուն­դին հետ «ար­ձա­կուրդ» կամ ժա­մա­նակ անց­նե­լով, դաս­տիա­րա­կե­լով եւ միա­ժա­մա­նակ դաս­տիա­րա­կո­ւե­լով:

Սեպ­տեմ­բեր 2ին, ­Հայ­կա­կան երկ­րորդ հան­րա­պե­տու­թեան 25ա­մեակն էր, որ ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ մե­զի մտա­ծել կու տայ, թէ մենք դա­րա­ւոր եր­կար ժա­մա­նակ պե­տու­թիւն եւ պե­տա­կա­նու­թիւն չէինք ու­նե­ցած, բայց այժմ ու­նինք եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն, եր­կու ան­կախ պե­տու­թիւն: Այս մէ­կը մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ամ­բողջ հա­յու­թեան հա­մար։ Եւ ինչ­պէս որ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը միա­ւո­րո­ւե­ցաւ նախ Ար­ցա­խը ա­զա­տագ­րե­լու եւ, ա­պա, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ստեղ­ծե­լու հա­մար, այ­սօր նաեւ ամ­բողջ հայ­կա­կան աշ­խար­հը կը պայ­քա­րի ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը:

Ո­րե­ւէ ուժ, ո՛չ Ատր­պէյ­ճա­նը, ո՛չ ­Թուր­քիան, ո՛չ ալ ո­րե­ւէ եր­րորդ եր­կիր կրնայ շե­ղեց­նել մեզ մեր այս պա­հան­ջա­տի­րու­թե­նէն։ Ար­ցա­խը իր այ­սօ­րո­ւան սահ­ման­նե­րով հայ­կա­կան տա­րածք է եւ տա­կա­ւին մենք ո՛չ թէ տա­լիք, այլ առ­նե­լիք եւ ա­զա­տագ­րե­լիք տա­րածք­ներ ու­նինք, ինչ­պէս ­Շա­հու­մեա­նը, ­Մար­տու­նա­շէ­նը, ­Գե­տա­շէ­նը։ Ինչ­պէս ­Կար­սը, Ար­տա­հա­նը, ­Սա­սու­նը եւ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը:

Մեր պայ­քա­րի յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը սկսի Ար­ցա­խէն։ Ա­յո՛, ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցա­խը ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թիւն է: Ա­յո՛, մենք ու­նինք Ար­ցա­խի մէջ նա­խա­գահ, կա­ռա­վա­րու­թիւն, խորհր­դա­րան եւ պե­տա­կան բո­լոր գե­րա­տես­չու­թիւն­ներ եւ մա­նա­ւանդ մար­տու­նակ բա­նակ, որ յաղ­թեց թշնա­միին, ա­զա­տագ­րեց տա­րածք­ներ եւ կեր­տեց ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը:

Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մէն հա­զիւ չորս տա­րի ետք մեր յու­նա­հայ գա­ղու­թը մնա­յուն կապ հաս­տա­տեց ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին հետ։ Այս գա­ղու­թի ի­րե­րա­յա­ջորդ պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րը ո­րո­շե­ցին ա­մէն տա­րի կեն­դա­նի կապ ստեղ­ծել Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րուն՝ ա­պա­գայ սե­րուն­դին հետ։ Ա­մա­ռո­ւան «ար­ձա­կուրդ»է մը շատ ա­ւե­լին է այն ժա­մա­նա­կը, որ ա­մէն տա­րի մենք կ­՛անց­նենք Ար­ցա­խի ե­րե­խա­նե­րուն հետ: «Ա­կանջ ու­նե­ցո­ղը թող լսէ»…

Մե­զի հա­մար հայ­րե­նի­քը, ա՛յս օ­րե­րուն ա­ւե­լի հո­գե­ւոր, գա­ղա­փա­րա­կան տեսք ու բո­վան­դա­կու­թիւն ստա­ցաւ: Ա­նի­կա զգե­նուց մեր գո­յու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան ե­րաշ­խի­քի տա­րա­զը եւ ան­գամ մը եւս վե­րա­հա­մո­զեց բո­լորս, որ հայ­րե­նի­քը միայն նիւ­թա­կան ներդ­րու­մի մի­ջա­վայր չէ, այլ գո­յու­թեան ե­րաշ­խիք, միայն շա­հի աղ­բիւր չէ, այլ հո­գե­պէս մեզ կեր­տող աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք, միա՛յն ա­ռեւ­տու­րի են­թա­հող չէ, այլ ա­րիւ­նով նա­հա­տա­կու­թեամբ պաշտ­պա­նո­ւած հող, տա­րածք, սահ­ման:

Ան­գամ մը եւս կը շեշ­տեմ, թէ 21 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան 400 ե­րե­խա­նե­րը, ո­րոնք ան­ցան «­Խա­ծի­գի­րիա­քիօ»էն, «­Սի­րոս»էն եւ Ա­թէն­քէն, ա­նոնց­մէ շա­տե­րը Ար­ցա­խի նա­հա­տակ ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու եւ զի­նո­ւոր­նե­րու զա­ւակ­ներն էին եւ ե՛ն տա­կա­ւին, ո­րոնք ժա­ռան­գորդն են եւ շա­րու­նա­կո­ղը ի­րենց ծնող­քին մղած ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին: ­Հեր­թա­կան այս հան­դի­պում­նե­րը, փոխ-ճա­նա­չո­ղու­թե­նէն ան­դին, Ար­ցա­խին մեր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել է, մեր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ար­ցախ­ցիին առ­ջեւ դրո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը միա­սին դի­մագ­րա­ւե­լու եւ ո՛չ թէ այլ հա­շիւ­ներ փնտռե­լու այս ՍՈՒՐԲ ԳՈՐԾԻՆ մէջ…

Ա­յո՛, Ար­ցա­խը պատ­մա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ան­բա­ժան մա­սը ե­ղած է. պատ­մա­կան կա­մա­յա­կա­նու­թեամբ բռնակ­ցո­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նին, սա­կայն այժմ ա­զա­տագ­րո­ւած է, ա­մե­նա­ժո­ղովր­դա­վար ձե­ւով ինք­նո­րո­շո­ւած, ան­կա­խու­թիւն կեր­տած եւ հան­րա­պե­տու­թիւն ամ­րագ­րած։ ­Մեր սահ­ման­նե­րը ա­մուր են, մեր եր­կի­րը անվ­տանգ է, ո­րով­հե­տեւ սահ­մա­նին՝ Ար­ցա­խի բա­նակն է, զգօն, ար­թուն, մար­տու­նակ եւ մեր հայ­րե­նի­քը կեան­քի գնով պաշտ­պա­նող եւ ոչ թէ առ ու ծա­խի մա­սին մտա­ծող…

Ա­հա­ւա­սիկ մեր երկ­րորդ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը 25 տա­րե­կան է։ ­Թող յա­ւերժ ապ­րի Ար­ցա­խը եւ զգաս­տա­նան ան­տար­բեր­ներն ու ո­րոմ ցա­նող­նե­րը…: ­Կոր­ծա­նենք ու փշրենք կեղ­ծի­քի եւ շա­հա­մո­լու­թեան շղթան ու ազ­գա­յի­նը գե­րա­դա­սենք՝ անձ­նա­կա­նէն…

Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Հա­յոց ­Յու­նաս­տա­նի

Ազատ օր

Scroll Up