Պաղտատի Մէջ ՀՄԸՄ-ի Տարեկան Մարզահանդէսը Նուիրուած Էր Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակին

Հովանաւորութեամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ` գեշաշնորհ Տ. Աւագ արք. Ասատուրեանի, Պաղտատի մէջ Սեպտեմբեր 29-30 եւ Հոկտեմբեր 1-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 34-րդ շրջանի մարզահանդէսը, որ նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան  25-րդ ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնէ Պաղտատէն Գայեանէ Սահակեան:

Բացման արարողութեան տեղի ունեցաւ Իրաքի եւ ՀՀ դրօշներու բարձրացում, որմէ ետք Տէրունական աղօթքով ազդարարուեցաւ ձեռնարկի բացումը:

Բացման արարողութեան ներկայ էին, Իրաքի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Կարէն Գրիգորեան եւ դեսպանութեան կցորդ տիար Սմբատ խաչատուրեան, Իրաքի Քրիստոնէից աւանդապահութեան ընդհանուր տնօրէնը, հոգեւոր հայրեր, շրջաններու թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր ու ներկաներ:

Մարզահանդէսի ծրագիրը կ’ընդգրկէր Սկաուտական տողանցք, սկաուտական խաղեր, երգեր ու արտասանութիւններ. Երկրորդ օրը, տեղի ունեցաւ մարզական խաղեր` Պաղտատի եւ Իրաքի հայաշատ շրջաններէն ժամանած մարզիկներուն միջեւ:

Երրորդ օրը տեղի ունեցաւ նուէրներու բաշխում, այնուհետեւ տարեկան մարզահանդէսի փակումը կատարուեցաւ խրախճաքով:

14569687_1433056630044358_1478549328_n14593454_1433056560044365_619317764_n 14593402_1433056626711025_1455025055_n

Scroll Up