Վեհափառ Հայրապետի Տեսլականը Եւ Առաջին Հայկական Եկեղեցին Արեւելեան Եւրոպայի ՄԷջ

Սեպտեմբեր 22-26 պատմական ու նշանակալից օրեր էին Չեռնոկորիոյ հայ համայնքին համար: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ այդ օրերուն Չեռնոկորիոյ մէջ կը գտնուէր Ռումանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան: Այս մասին Հայերն այսօրին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց Թեմի մամլոյ դիւանէն:

Սեպտեմբեր 23-ին Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք ցանկութիւն  յայտնած էին անժամկէտ ձեռք բերել Չեռնոկորիոյ Առաջնորդարանի ենթակայութեան տակ գտնուող Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին` կից սրահով ու հովուատունով: Այս առիթով գերշ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան հանդիպում մը ունեցած է Չեռնոկորիոյ Առաջնորդ Ամֆիլոխի հետ, որուն ժամանակ քննարկուած են եկեղեցւոյ ձեռք բերման ու հայ համայնքին փոխանցման հետ կապուած կարեւոր հարցեր: Չեռնոկորիոյ Մետրոպոլիտը իր ուրախութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնած է այս առիթով` փաստելով մէկ անգամ եւս, որ Չեռնոկորիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայոց Եկեղեցին իր ներկայութիւնը պէտք է ունենայ այդ երկրին մէջ` կարեւոր մասնակցութիւն ունենալով ոչ միայն տեղի հայ համայնքի կեանքէն ներս, այլ նաեւ նպաստելով միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու զարգացման յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ:

Սեպտեմբեր 25-ին, Սրբազան Հայրն իր մասնակցութիւնը  բերած է նաեւ Չեռնոկորիոյ Պար քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ս. Եովան Վլատիմիրի մարտիրոսութեան հազարամեակին նուիրուած տօնախմբութեան ու կազմակերպուած ձեռնարկներուն` ներկայացնելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը:

Վեհափառ Հայրապետի տեսլականն է հայկական եկեղեցիներ ունենալ Արեւելեան Եւրոպայի բոլոր երկիրներուն մէջ` մեր հայորդիներու հոգեւոր կեանքի յառաջընթացին եւ ազգային, մշակութային կեանքին վերելքներ արձանագրելու համար: Այս պահի դրութեամբ Չեռնոկորիոյ մէջ կ’ապրին մօտ 40 հայ ընտանիքներ, որոնց ցանկութիւնն է Հայ Եկեղեցւոյ միջոցով պահել իրենց ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը եւ նորոգել իրենց ուխտը Բարձրեալն Աստուծոյ հետ:

Scroll Up