«Որդեգրիր Գիւղ Մը». Ծրագիրի Ծիրէն Ներս Վայոց Ձորի Մարզին ՄԷջ Իրականացուեցան Շարք Մը Ձեռնարկեր

Սեպտեմբեր 29-ին Վայոց ձորի մարզին մէջ հիւրընկալուած էր «Որդեգրիր գիւղ մը» նախագիծի հեղինակ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ քաղաքացի Լեն Ուիքսը: Վերջինիս հեղինակած նախագիծը ուղղուած է Հայաստանի գիւղական վայրերուն եւ Հայկական սփիւռքի միջեւ կապի, համագործակցութեան հաստատման ու ամրապնդման:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` նախագիծի ծիրէն ներս առաջին կանգառը Ռինդ համայնքին մէջ էր, ուր կազմակերպուած էր տօնական իւրատեսակ ձեռնարկ: Ներկայ էին Վայոց ձորի մարզպետի տեղակալ Մելս Յարութիւնեան, Ռինդի համայնքապետ Յուսիկ Սահակեան, Ելփին, Չիւա, Արենի համայնքներու ղեկավարները, բազմաթիւ վայոցձորցիներ, զբօսաշրջիկներ, ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներ:
Ռինդ եւ Չիւա համայնքներ տանող ճամբաբաժանին մօտ տեղադրուեցաւ «Կարաս» քարակերտ կոթողը, որ կը ներկայացնէ 7 տարբեր չափերու կարասներ` որոնք իրար միացուած են խաղողի ողկոյզի տեսքով: Արարողութեան ժամանակ բացուեցաւ նաեւ Մուշեղ Գասպարեանի հեղինակած 125 մեթր երկարութեամբ Եռագոյնը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Ռինդ համայնքի մանկապարտէզի խաղահրապարակի բացման արարողութիւնը: Ռինդի մէջ ձեռնարկներու շարքը եզրափակուեցաւ գիւղի դպրոցի բակին մէջ կազմակերպուած ծառատունկով:
«Որդեգրիր գիւղ մը» ծրագիրի ծիրէն ներս ձեռնարկներ իրականացուեցան նաեւ Արենի եւ Շատին համայնքներուն մէջ: Արենի գիւղի մուտքին մօտ տեղադրուեցաւ համայնքի տեսարժան վայրերը ներկայացնող քարտէզ, որ զբօսաշրջիկներուն համար պիտի ծառայէ որպէս ուղեցոյց: Արենիի միջնակարգ դպրոցին տրամադրուեցան անգլերէնի դասագիրքեր, որմէ ետք գիւղին մէջ կազմակերպուեցաւ ծառատունկ: Արենի համայնքին ղեկավար Սերեոժա Սուքիասեան շնորհակալութիւն յայտնեց աջակցութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ համագործակցութիւնը շարունակական կ’ըլլայ:
Աւելցնենք, որ «Որդեգրիր գիւղ մը» ծրագիրի հեղինակ Լէն Ուիքս նաեւ «Ծագումը: Բացայայտում» վէպը հեղինակած է, որ գրելու շարժառիթ հանդիսացած է իր հայ կնոջ հայկական արմատներն ու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը: Գիրքը բաղկացած է երեք մասէ` «Առանցքի երկիրներու վերելքը», «Ազատ աշխարհի պաշտպանութիւնը» եւ «Մարդկային էութեան բացայայտումը»:
«Ծագումը: Բացայայտում» վէպի իրադարձութիւնները կը ծաւալուին համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն հակամարտութեան ժամանակաշրջանին: Այն կը սկսի 1930 թ-ին` խորհրդային ժամանակաշրջանին, Հայաստանի Արենի գիւղին մէջ կեանքի մարտահրաւէրներու ուսումնասիրութիւնով:
Հիմնական կերպարները աշխարհի տարբեր երկիրներէ են, իրադարձութիւնները աշխարհագրական վայրէ մը կը տեղափոխուին դէպի միւսը, մինչդեռ աւելի ուշ վէպին մէջ անոնք կը սկսին հանդիպիլ զիրար: Տարբեր վայրերու ընտրութեամբ կը նախատեսուի ընթերցողին փոխանցել ուղերձ մը, ըստ որուն` լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու նպատակով աշխարհի բոլոր մարդիկ պէտք է համագործակցին իրար հետ: Այն թոյլ կու տայ նաեւ պատկերացում կազմել զանազան հետաքրքիր մշակոյթներու մասին: