Արժանթինահայ Ընտանիքի Մը Շնորհիւ Մելիք Գիւղի Աշակերտները Կը Յաճախեն Բարենորոգ Դպրոց

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Սեպտեմբեր 25-ին Մելիք գիւղին մէջ /Արագածոտնի մարզ/ հանդիսաւորութեամբ բացաւ համայնքի միջնակարգ դպրոցը, որ հիմնանորոգած է արժանթինահայ Հրաչ եւ Մարի Սուրէնեան ամուսիններու օժանդակութեամբ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Հիմնադրամի պաշտօնական կայքէն:
Բացման արարողութիւնը կայացաւ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, ծրագիրի հովանաւոր ամուսիններու, արժանթինահայ բարերարներու աւելի քան երկու տասնեակ հիւրերու, հիմնադրամի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Արագածոտնի մարզպետ Գաբրիէլ Կէոզալեան, պաշտօնեաներ, հիւրեր:
Հանդիսութիւնը մեկնարկեց համայնքի Սուրբ Յովհաննէս /1895թ/ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ պատարագով, որուն ընթացքին կատարումով հոգեւորականներուն միացաւ նաեւ բարերար, սարկաւագ Հրաչ Սուրէնեան: Տօնական օրը նշանաւորուեցաւ նաեւ բարերարներու հովանաւորութեամբ համայնքի 17 երեխաներու մկրտութեամբ:
Ատկէ անմիջապէս ետք մեկնարկեց վերանորոգուած դպրոցի բացման հանդիսութիւնը, որ եզրափակուեցաւ ազգային երգ ու պարով, ասմունքով:
«Ամէն երկիր ունի զարգացման իր ռեսուրսը, Հայաստանի դէպքում դա գիտելիքն է, որը ձեւաւորւում եւ ամրապնդւում է դպրոցում: Այստեղ է կրթւում Հայաստանի այն ապագան, որի մասին բոլորս երազում ենք: Մաղթում եմ, որ լաւ կրթութիւն ստանաք եւ այն ներդնէք հայրենիքի շէնացման գործում»,- ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:
Բարերարներուն ու Հիմնադրամին ուղղուած երախտիքի խօսքով հանդէս եկաւ գիւղապետ Դերենիկ Շահբազեան, որ համայնքին անունէն տէր եւ տիկին Սուրէնեաններուն Մելիքի պատուաւոր քաղաքացիի հաւաստագիր յանձնեց: Հրաչ Սուրէնեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Հիմնադրամին եւ արժանթինահայ բարերար Կալչիյեան ընտանիքին, որուն ներդրումները հայրենիքի մէջ օրինակ ծառայած են իրենց այս ձեռնարկին համար:
1994թ.-ի կառոյցը հիմնանորոգումէն յետոյ նոր շունչ ստացած է` նոր տանիք, դռներ ու պատուհաններ, սանհանգոյցներ, վերափոխուած յատակ, ելեկտրականութեան նոր համակարգ: Արդիականացուած է նաեւ շէնքի արտաքին տեսքը. կատարուած է արտաքին պատերու յարդարում, նորացուած նախամուտքը, բարեկարգուած բակային տարածքը: Նորակառոյց կաթսայատունն ու ջեռուցման համակարգը թոյլ կու տան դասերը յարմարաւէտ պայմաններու մէջ իրականացնել նաեւ ցուրտ ամիսներուն, որ կարեւոր է խստաշունչ կլիմայ ունեցող այս տեղանքին համար:
Կրթօճախ այսօր կը յաճախէ 153 աշակերտ: Դպրոցի տնօրէն Արթուր Ղեւոնդեանի խօսքով` 12-ամեայ կրթութիւն ստանալէ յետոյ, ամէն տարի 8-է 10 շրջանաւարտ ուսումը կը շարունակէ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
17-րդ դարուն հիմնուած գիւղը ունի շուրջ 1300 բնակիչ: Համայնքը կը գտնուի Ապարանէն մօտ 20 քմ հիւսիս-արեւելք, ծովի մակերեւոյթէն 2100 մ բարձրութեան վրայ, եւ ունի բարձրալեռնային շրջանին բնորոշ խիստ կլիմայ: