Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ամենօրեայ Վարժարանը Նշեց Հ.Հ. Անկախութեան 25-ամեակը

Սեպտեմբեր 21-ին, Հ.Հ. անկախութեան 25-րդ տարեդարձի առթիւ, մեծ շուքով նշուեցաւ Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ազգային ամենօրեայ վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին կողմէ: Վարժարանի աշակերտները եռագոյն դրօշները ծածանելով, շուրջ քայլ կատարեցին վարժարանին մտակայ փողոցով եւ հաւաքուեցան Սրբոց Նահատակաց եկեղեցուոյ մուտքին:
Ա.Մ.Ն.-ի եւ Հ.Հ. քայլերգներու հչիւններէն ետք, աշակերտները վեր բարձրացուցին Հայաստանի դրօշը: Այս հաւաքին առթիւ, վարժարանի սաներուն, մանկավարժներուն եւ ծնողներուն շնորհաւորեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցուոյ հովիւ Աբրահամ Մալխասեանը: Դրօշի բարձրացման արարողութիւնէն ետք, ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր վարժարանի աշակերտներէն՝ Արէն Եգորեանի կատարմամբ հնչեց `
Աշխարհն ամբողջ պէտք է գիտնայ,
Որ այլեւս հայն ալ հիմա
Ունի տեղ քարտէսին վրայ ,
Եւ ունի հող երկրի վրայ :
Հայաստան է անունն անոր
Թող իմանայ աշխարհը բոլոր:
Վարժարանի նախկին տնօրէնուհի՝ Զարմինէ Պողոսեանը, ուրախութեամբ եւ յուզմունքով ներկայացուց վարժարանի նոր տնօրէնուհին՝ 1989-ին այս կրթօճախէն ներս շրջանաւարտ, իր սիրելի աշկերտուհի Սեդա Դաւթեան- Մկրեանը, որ իր կարգին վարեց օրուան յայտագիրը:
Ռոպերթ Կարապետեան
Նիւ Եորք
Լուսանկարները` հեղինակի
Հայրենիք