Չինաստանի Եւ Հոնքոնկի Հայկական Համայնքի Նախագահին Շնորհուած Է Գիտութիւններու Դոկտորի Աստիճան

Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ 2016թ Յունիս 15-ին Նանճինկի համալսարանի գիտական խորհուրդի որոշմամբ Հոնքոնկի եւ Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահ, Չինաստանի հայկական ուսանողական միութեան հիմնադիր Մհեր Սահակեանին շնորհուած է գիտութիւններու դոկտորի աստիճան, որակաւորումը` միջազգային յարաբերութիւններ:

Մհեր Սահակեանի հետազօտութիւնները կը վերաբերին միջազգային անվտանգութեան հիմնահարցերուն, Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զար­գացումնե­րուն: Անոր գիտական աշխատութիւնները տպագրուած են Չինաստանի, Ռուսաստանի, Հա­յաստանի յառաջատար գիտական կեդրոններուն մէջ: 2015 թ. «Հայաստան– Սփիւռք յա­րա­բերութիւններ եւ հայկական հանրութեան անվտանգութիւնը ամրապնդելու 2 ա­ռա­ջարկ» յայտի համար «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի, «Ինտէկրացիա եւ զարգացում» հետազօտական եւ վերլուծական հասարակական կազմակերպութեան կողմէ կազմա­կերպ­ուած նորարարական եւ հանրային հնչեղութիւն ունեցող գաղափարներու մրցոյթին ան  ար­ժանացած է առաջին մրցանակի:
Դրուատանքի  արժանի է Մհեր Սահակեանի գործունէութիւնը` նախ որպէս Չինաստանի հայկական ուսանողական միութեան հիմնադիր-ղեկավար, իսկ 2016 թ. Մարտէն նաեւ որպէս Հոն­քոնկի եւ Չինաստանի հայկական համայնքի նախագահ: Համայնքային կառոյցին շուրջ համախմբուած ազ­գանուէր ու սրտ­ցաւ մարդ­ոց ջան­քերուն շնորհիւ «Չայնահայ» հա­մայնքը այսօր բարի համարում ունի թէ՛ Հայրենիքի մէջ, թէ՛ անկէ դուրս եւ յաջողութեամբ կ’իրականացնէ իր վեհ առաքելութիւնը` հայ ուսանողները համա­խմբելու, ուսա­նո­ղա­կան գիտաժողով­նե­ր կազմակերպելու, Չինաստանի մէջ հայն ու Հայաս­տանը արժա­նապա­տուօրէն ներկա­յացնելու, հայ-չինական բարեկամութեան նպաս­տելու ուղղութեամբ:

Սիրելի՛ պարոն Սահակեան (Մհեր Արեւելցի), ջերմօրէն կը շնորհաւորենք գիտական բարձր կոչում ստանալու առթիւ: Վստահ ենք, որ Ձեր գիտելիքները, ջանքն ու եռանդը այսու­հետ նոյնպէս կը շարունակէք նպա­տակաուղղել ի նպաստ մեր ազգին եւ հայրենիքին:

Կը մաղթենք Ձեզ ստեղծագործական անսպառ եռանդ եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Սիրով եւ լաւագոյն մաղթանքներով` ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

Յ.Գ. Մհեր Սահակեան ծնած է 1985 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին: Աւարտած է ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի Իրանագիտութեան բաժինը: 2006-2008թթ. ծառայած է ՀՀ ՊՆ Յատուկ նշանակութեան գունդի մէջ: 2007թ.-ին նշանակուած է հետախուզական խումբի հրամանատարի տեղակալ: Պարգեւատրուած է «Քաջարի մարտիկ», «Բանակի գերազանցիկ» կրծքանշաններով: Գերազանցութեան տիպլոմով աւարտած է ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ինստիտուտի մագիստրատուրան:

2010-2012թ. ԵԱԴ ծիրէն ներս ընկերներուն հետ հիմնադրած եւ ղեկավարած է ԵԱԴ Մարզական ակումբը, որուն հիմնական նպատակն է երիտասարդներուն օգնել ու խրախուսել առողջ ապրելակերպը: ԵԱԴ ՍԱ-ն կազմակերպած է ֆութպոլի, պասկեթպոլի, վոլէյպոլի բազմաթիւ հանդիպումներ, ճատրակի եւ թենիսի առաջնութիւններ:

2010-2011թթ. ուսանած  է ՀՀ ԱԳՆ Դիւանագիտական դպրոցին մէջ:

2012թ. Իրանի Իմամ Խոմէյնիի անուան միջազգային համալսարանին մէջ մասնակցած է Պարսից լեզուի դասընթացներու:

2012 թուականին յաղթած է ՉԺՀ կառավարութեան յայտարարած կրթաթոշակային մրցոյթին եւ կ’ուսանի ՉԺՀ Նանճինկի համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու ինստիտուտի ասպիրանտուրային մէջ:

Հեղինակ է արեւելագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններուն վերաբերող գիտական եւ վերլուծական յօդուածներու:

2013-ից Հոնքոնկի եւ Չինաստանի հայկական համայնքի Գործադիր կոմիտէի անդամ է: 2013թ.-ին հիմնադրած է  Չինաստանի հայկական ուսանողական միութիւնը: 2014թ.-ին նշանակուած է Հոնքոնկի եւ Չինաստանի հայկական համայնքի արտաքին յարաբերութիւններու գիծով փոխնախագահ: 2016 թ. Մարտէն համայնքի նախագահն է:

Կը տիրապետէ անգլերէն, չինարէն, ռուսերէն, պարսկերէն լեզուներուն:

Մհեր Սահակյան2Մհեր սահակյան1

Scroll Up