ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Եւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Պատուիրակութիւնը

Սեպտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ Աւետարանչական ընկերակցութեան պատուիրակութեան անդամները, որոնք Հայաստան  ժամանած են  մասնակցելու ՀՀ անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ Հայրենիքի մէջ նշելու Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրման 170-ամեակը:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 եւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրման 170 ամեակներուն առթիւ` մասնաւորապէս նշելով. «Ուրախ եմ, որ Հայաստանում էք գտնւում այս օրերին, երբ մենք հպարտութեամբ նշում ենք մեր անկախութեան 25-ամեակը: Այս 25 տարիների ձեռքբերումների մէջ ես կ’ուզէի առանձնացնել յատկապէս 3 նուաճում. դրանցից առաջինը 2 հայկական հանրապետութիւնների գոյութիւնն է, երկրորդ` հայկական հզօր բանակի կայացումը եւ պետական ինստիտուցիոնալ կառոյցների ստեղծումը, որոնք յաջողութեամբ համագործակցում են միջազգային կառոյցների հետ»:

Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց անկախ պետականութեան կայացման դժուար ճանապարհին Սփիւռքի ունեցած անգնահատելի դերը` երախտագիտութեամբ խօսելով Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներդրման մասին: Նախարարի պաշտօնակատարը շեշտեց նաեւ հայագիտութեան ասպարէզին մէջ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ունեցած հսկայական դերը, որ միակ համալսարանն է ամբողջ Սփիւռքի մէջ:

Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէոզեան շնորհակալութիւն յայտնելով Հրանոյշ Յակոբեանին գնահատանքի ջերմ խօսքերուն համար` նշեց. «Հայրենիքին օգտակար ըլլալը Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամներուն համար մեծ ուրախութիւն է` պարտաւորութիւն ըլլալէ առաւել: Մենք շօշափելիօրէն կը տեսնենք 25 տարուան ձեռքբերումները եւ մեր նոր սերունդի նուիրումն ու հայրենիքը արիւնով ու քրտինքով պահելու ջանքերը»:

ԱՄՆ Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանջեան նշեց. «Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը իր անշահախնդիր եւ յաւերժական յանձնառութիւնը ունի Հայաստանի նկատմամբ եւ պատրաստ է հնարաւորինը ընելու, որպէսզի արագ հասնինք մեր երազած Հայրենիքի հզօրացման:

Շնորհակալանքի ջերմ խօսքեր ըսին Հայ Աւետարանական համաշխարահային խորհուրդի գործադիր տնօրէն Վահան Թութիկեան, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանչական համայնքի համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան եւ ուրիշներ:

Հանդիպման աւարտին նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան  յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրման 170-ամեակին առթիւ  Սեպտեմբեր 25-ին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ կայանալիք յոբելեանական հանդիսութեան:

3 10

Scroll Up