«Հայաստա՛ն, Յաւերժական Իմ Սէր». ՀՀ Եւ ԼՂՀ Անկախութեան 25-Ամեայ Յոբելեաններուն Նուիրուած Ցուցահանդէս ՌԴ Քաղաքներուն ՄԷջ

Սեպտեմբեր եւ Հոկտեմբեր ամիսներուն ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Արմէնփրէս» հայկական լրատուական գործակալութեան ջանքերով ՌԴ Աստրախան, Վոլկոկրատ եւ Գրասնոտար քաղաքներուն մէջ պիտի կազմակերպուի լուսանկարներու շրջիկ ցուցահանդէս` «Հայաստա՛ն, յաւերժական իմ սէր» վերտառութեամբ: Այն կը նուիրուի ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն եւ նպատակաուղղուած է տեղեկատուութիւն տրամադրելու անկախութեան տարիներուն ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսութեան, գիտութեան, մշակույթի, ճարտարապետութեան, մարմնամարզութեան, զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ ձեռքբերումներուն մասին:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ցուցադրութիւնը պիտի ունենայ 7 թեմատիկ բաժին` անկախութիւնը` բարձրագոյն արժէք, Դժուարին յաղթանակ, ազգային հերոսները, Կը յիշենք եւ կը պահանջենք, Յոյսի Հայաստան, Հաւատքի Հայաստան. Ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր, ՀՀ Նախագահի հանդիպումները, ուր պիտի ներկայացուին շուրջ 100 լուսանկար:
Ցուցահանդէսը կը մեկնարկէ Աստրախանի մէջ, ապա կը տեղափոխուի Վոլկոկրատ եւ Գրասնոտար: