Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան Արժանացաւ Քահանայական Լանջախաչ Կրելու Իրաւունքին

Կիրակի, Սեպտեմբեր 4ին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. պատարագին, քահանայական լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանին եւ օրուան յատուկ հոգեւոր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամները եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը:

Ինչպէս ծանօթ է, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակով, 2016ը հռչակուեցաւ «Ծառայութեան Տարի»։ Հետեւաբար, Տիրոջ անդաստանէն ներս ծառայող մշակներու վաստակն ալ գնահատանքի կ՛արժանանայ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով: Առ այդ, ընդառաջելով առաջնորդի դիմումին՝ Արամ Ա. վեհափառը քահանայական լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց քահանայ հօր։

Քարոզէն առաջ, «Ուրախ լեր» քաղցրահնչիւն շարականի երգեցողութեամբ, վեհափառին սրբատառ կոնդակը բերուեցաւ խորան։ Առաջնորդ սրբազանը ընթերցեց կոնդակն ու խաչով զարդարեց քահանային լանջը։ Ան նախ եւ առաջ գնահատեց քահանայ հօր անցնող հինգ տարիներուն նուիրեալ ծառայութիւնը, ապա շնորհաւորեց զայն, ընտանիքը եւ Քրեսենթա հովիտի ծխական համայնքը։ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հոգեւորականներուն ընծայուած պատիւները սոսկ պճնանքներ չեն զարդարուելու նպատակաւ, այլ՝ իւրաքանչիւր եկեղեցականի պարգեւուած աստուածատուր եւ անտեսանելի շնորհքներուն խորհրդանիշները, որոնց քահանայ հայրերը արժանի կ՛ըլլան իրենց անխոնջ ծառայութեան շնորհիւ։

Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, իր կարգին, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին եւ առաջնորդին, որոնք զինք արժանի նկատած են այս պատիւին։

Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը նկատել տուաւ, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը, Շաբաթ օր յիշատակն էր մեր հաւատքի եւ դաւանանքի ռահվիրաներուն՝ Նիկիոյ ժողովին մասնակցած 318 հայրապետներուն, իսկ այդօր բարեկենդանն էր Խաչի Վերացման տօնին, որ Քրիստոսի զոհաբերութեան թագն ու պսակն է եւ մարդկութեան փրկութեան ե-րաշխիքը։ Անդրադառնալով օրուան աւետարանական դրուագին՝ խուլ եւ համր մարդու բժշկութեան, սրբազանը յորդորեց. «Ի ծնէ խուլ եւ համր մարդը բժշկուեցաւ ֆիզիքական ախտէ, ականջալուր եղաւ փրկութեան աւետիսին եւ վկան՝ Աստուածորդիի հրաշքներուն. թո՛ղ որ մենք ալ մեր ոգեղէն ականջներն ու աչքերը բանանք, լսենք եւ տեսնենք Աստուծոյ ձայնն ու հրաշքները, վկաները ըլլանք փրկութեան աւետիսին եւ բարութիւն սփռենք ամէնուր»։

Ապա, առաջնորդը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, խաղաղութիւն խնդրելով աշխարհի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի հայութեան համար, որովհետեւ այս օրերուն, աւելի եւս կարիքը ունինք Աստուծոյ ողորմութեան։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն. եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը այս առթիւ սիրոյ սեղան մը կազմակերպած էր ի պատիւ քահանայ հօր՝ հիւրընկալելով ներկայ հաւատացեալները:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up