Խաչվերացի Տօնը Դամասկոսի Մէջ

«Խաչվերացի տօնը խաչի խորհուրդով Աստուծոյ ՝ առ մարդ սիրոյն տօնն է, Աստուած՝ Արարիչ եւ մարդ հաշտութեան տօնն է …» Արմաշ Եպս, Նալպանտեան
Կիրակի, 11 Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնըին, Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը:
Սրբազան Հայրը իր քարոզի ընթացքին, սուրբ Պատարագին ներկայ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, փոխանցեց օրուայ տօնին խորհուրդը եւ իր հայրական պատգամը: «Խաչվերացի տօնը խաչի խորհուրդով Աստուծոյ ՝ առ մարդ սիրոյն տօնն է, Աստուած՝ Արարիչ եւ մարդ հաշտութեան տօնն է …» ըսաւ Արմաշ Եպս, Նալպանտեան
Յաւարտ սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ Խաչվերացի Թափօրի արարողութիւնը: Թափօրի ընթացքին Սրբազան Հայրը օրհնելով աշխարհի չորս ծագերը, աղօթք առաքելով առ Աստուած. Հայոց Եկեղեւոյ եւ Հայրապետութեան անսասանութիւն, Հայոց Աշխարհին անդորրութիւն եւ յառաջդիմութիւն եւ մանաւանդ Սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին խաղաղութիւն, սէր եւ համերաշխութիւն խնդրեց:
Դիւան Դամասկոսի Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 11 Սեպտեմբեր 2016