Տեղի Կ’ունենայ Պոլսոյ «Մարալ» Միութեան «Արա Եւ Շամիրամ» Թատերական Պար-Ներկայացումը

Սեպտեմբեր 13-ին, ժ.19:00-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ պիտի բեմականացուի Պոլսոյ «Մարալ» երգի եւ պարի միութեան «Արա եւ Շամիրամ» թատերական պար-ներկայացումը:
Պարային բեմականացման ներկայ պիտի գտնուի ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան: