Հայաստան Կը Մասնակցի Տիկնիկներու Համաշխարհային Փառատօնին

Հոկտեմբեր 28-30` Ճափոնի Իսուցիի Եաշիկի քաղաքին մէջ իրականացուելիք Տիկնիկներու 6-րդ համաշխարհային փառատօնին պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանէն 14 տիկնիկներ:

«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով «Ասպարէզ» պաբերականին, կը յայտնէ, որ փառատօնին պիտի մասնակցին 71 երկիրներ` ներկայացնելով աւելի քան 1500 տիկնիկներ:

Այս տարուան փառատօնը նուիրուած է Գերմանիոյ: Փառատօնը կ’եզրափակուի Պեթհովընի 9-րդ սիմֆոնիայի ներկայացմամբ:

 

Scroll Up