Արժանթինի Խորհրդարանականները, Ճանչնալով Եւ Դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, «Ոչ» Կ’ըսեն Թրքական Ժխտողականութեան

Աշխատանքային այցով Արժանթին գտնուող ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, Հայաստան-Արժանթին պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են ԱԺ պատգամաւորներ Սուքիաս Աւետիսեանն ու Միքայէլ Մանուկեանը, Սեպտեմբեր 6-ին հանդիպում ունեցած են Արժանթինեան Հանրապետութեան Խորհրդարանի նախագահ Ֆետերիքօ Փինետոյի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքէն:
ԱԺ փոխնախագահը կարեւոր համարած է լատինամերիկեան երկիրներու, մասնաւորապէս Արժանթինի հետ սերտ համագործակցութեան հաստատումը` առանձնայատուկ ընդգծելով խորհրդարանական բաղադրիչի դերն ու նշանակութիւնը: Էդուարդ Շարմազանով նշած է, որ Հայաստան Արժանթինը կը համարէ բարեկամ երկիր, որուն վառ ապացոյցն է բոլորովին վերջերս ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցը Հայաստանի մէջ Արժանթինի դեսպանութիւն երկրի անկախութեան 200-ամեակին առթիւ:
Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ այցը լրացուցիչ խթան կը հանդիսանայ երկկողմ կապերու յետագայ ամրապնդման եւ զարգացման, երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ներուժը վերհանելու գործին մէջ:
ԱԺ փոխնախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը բաւականին արդիւնաւէտ է. երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու վերաբերեալ առկայ է փոխըմբռնում, ինչպէս նաեւ փոխադարձ աջակցութիւն միջազգային ատեաններուն մէջ իրարու թեկնածութիւններու սատարման հարցով:
Էդուարդ Շարմազանով բարձր գնահատած է այն, որ Արժանթինի Խորհրդարանը 2006 թուականին ընդունած եւ օրէնքի ուժով դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը մասնաւորապէս նշած է. «Արժանթինայի խորհրդարանականները, ճանաչելով եւ դատապարտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, «Ոչ» են ասում թուրքական ժխտողականութեանը: Սենատի նման դիրքորոշումը վկայում է Արժանթինայի` համամարդկային արժէքներին հաւատարիմ մնալու մասին, քանի որ անցեալի յանցագործութիւնները ճանաչելով եւ դատապարտելով է հնարաւոր միայն կանխարգելել նոր յանցագործութիւնները»: Ֆետերիքօ Փինետոն իր հերթին նշած է, որ հպարտ է Հայոց ցեղասպանութեան մասին օրէնքի համահեղինակը ըլլալուն համար:
Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն` ԱԺ փոխնախագահը դատապարտած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի ապօրինի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի վարած ռազմատենչ քաղաքականութիւնը:
Կողմերը բարձր գնահատած են հայ համայնքի` որպէս երկու պետութիւններու միջեւ կապող օղակի առանձնայատուկ ներդրումը հայ-արժանթինեան կապերու ձեւաւորման եւ ամրապնդման գործին մէջ: