«Գիտունիկի Տնակ» Ամառնային Մանկական Ծրագիրը` Նոր Ջուղայի ՄԷջ

«Գիտունիկի տնակ» ամառնային մանկական հետաքրքիր ու յաջող ծրագիրը այս տարի եւս ամառուան արձակուրդին իր շուրջ համախմբեց համայնքի մանուկները: Ծրագիրը կայացաւ Նոր Ջուղայի հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան մանկական բաժինին կից բացօթեայ տարածքին մէջ, ուր շաբաթական երկու պահ` երեկոյեան ժամը 7:30-9-ը, մանուկները ունկնդրեցին հեքիաթներ, սորվեցան ազգային եւ մարզական պարեր, մանկական երգեր, զարդանախշեցին կաւէ իրեր, նկարեցին, ինչպէս նաեւ, մասնակից դարձան «Կարմիր գլխարկ»-ի տիկնիկային ներկայացման: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը գրէ Երանուշ Թահմազեան Նոր Ջուղայի Հայ Մ.Մ. «Արարատ» միութենէն:

Բազմաբնոյթ մասերով յագեցած «Գիտունիկի տնակ» ծրագիրը ամառնային խանդավառ զբաղմունքէն եւ գեղեցիկ յիշողութիւններ ստեղծելէն զատ, մանուկներուն առիթ տուաւ դրսեւորելու իրենց ունակութունները` ելոյթ ունենալ երգերով, պարերով, արտայայտուելով, տեսակէտ յայտնելով ու հարցումներուն պատասխանելով: «Գիտունիկի տնակ» մանկական ամառնային աշխատանքը, իր իւրայատուկ աշխուժութեամբ ու խանդավառութեամբ դարձաւ երեխաներուն, երիտասարդ մայրերուն ու մեծմայրերուն ամենասիրուած ու ամենասպասուած ծրագիրը:

«Գիտունիկի տնակ»-ը իր աշխատանքը աւարտեց Օգոստոս 20-ին, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ մրցութային բաժին:

Ծրագիրը իրականացաւ մշակութային միաւորի վարչութեան, շարք մը տաղանդաշատ անդամուհիներու, անհատ մասնագէտներու ու ծնողներու անվերապահ համագործակցութեամբ:

12 35 7հ2

հհ3հ

Scroll Up