Կարպիս Ադամեան. Արուեստագետ թռչուններու եւ կենդանիներու զմռսման

Այս վերնագրով Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի ԱԼՃԱՄԱՀԻՐ Թերթը Ուրբաթ 2-9-2016 ին Կը գրէ.

Ստեղծագործ կարպիս Ադամեանի ձիրքի մասին ,որն է զմռսել Հալէպի շրջանի թռչուններն ու կենդանիները: Ան որսորդութեամբ եւ այլ միջոցներով կը հաւաքէր կենդանիները: Պրն.Կարպիսի նմանները հազիւ մարդու ձեռքի մատներու թիւը կը հաշուի:

Զմռսման արուեստը, գիտական ձեւով գործադրելը մեծ վարպետութիւն եւ հմտութիւն կը պահանջէ:Իր աշխատանքը արուեստ է եւ ոչ միայն գործ:

Զմռսման աշխատանքը նիւթական տեսակետէն շահաբեր գործ է ,բայց Կարպիս Ադամեանի համար այդ ձիրք է:
Այս աշխատանքի կարեւորութիւնը ոչ թէ լոկ իբր զարդ է,այլ կենդանի նմուշ դպրոցական եւ համալսարանական բնագիտութիւն ուսանողներուն եւ հետազոտողներուն:

Իր զմռսած թռչուններն ու կենդանիները Սուրիոյ –Հալէպ քաղաքի շրջանը ապրող կամ գաղթող կենդանիներն են:իր զմռսած կենդանիներուն նկատմամբ աւելի հոգատար էր քան իր անձը:

Զմռսած կենդանիները ցուցադրուած են ,Սուրիոյ քաղաքները, նախքան Սուրիական տագնապը:
Այսօր հարց կուտանք թէ կարպիս Ադամեանի զմռսած թռչուններն ու կենդանիները

Ինչ ճակատագրի են ….
Նոյն ճակատագիրը ունի այսոր Սուրիոյ ողջ բնակչութիւնը…
Ուր է միջազգային հանրութիւնը ,որ չի մտածէր նոյնիսկ մարդկանց մասին:

Տոքթոր Նորայր Մանճեան

Scroll Up