«Մենք Պատուհաններ Շատ Ունինք, Բայց Լուսամուտները Քիչ Են. Թո՛ղ Ամէն Պատուհան Լուսամուտ` Լոյսի Մուտք Դառնայ». Արամ Սեփէթճեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ մշտապէս կը լուսաբանուին սփիւռքահայ մտաւորականներու կեանքի ու ծաւալած գործունէութեան մասին յօդուածներ, հարցազրոյցներ:

Բարեգործներ, արձակագիրներ, բանաստեղծներ, լրագրողներ, թարգմանիչներ, քաղաքական, հասարակական, մշակութային գործիչներ, սփիւռքեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ ու ահեստաւորներ, մանկավարժներ, համայնքային կառոյցներու ու երիտասարդական կազմակերպութիւններու  ղեկավարներ, անդամներ, աշակերտներ, ուսանողներ, պարախումբեր ու երգչախումբեր, անհատ կատարողներ ու մարզիկներ, գրականագէտներ ու լեզուաբաններ, մանկավարժներ ու բժիշկներ, հայրենադարձներ, ազատամարտիկներ…ահա այսպիսի բազմաբնոյթ ու բազմաբովանդակ լուսաբանումներով  կը բացուի օրը եւ կը դառնայ յագեցած ու նշանակալից. այդպիսի օր մըն ալ նշանաւորուեցաւ  լիբանանահայ գրող, հասարակական, մշակութային գործիչ Արամ Սեփէթճեանի հետ ունեցած  զրոյցով, որ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:

«Ծնունդով Ալեքսանտրեթէն եմ, 1938-ին ընտանիքով հաստատուած ենք Պէյրութ, նախնական ուսումս ստացած եմ  Նոր Մարաշի Սուրբ Քառասնից վարժարանին մէջ, յետագային միջնակարգ կրթութիւնս ստացած եմ ՀԲԸՄ-ի վարժարանին մէջ, այնուհետեւ երկրագիտական, հողագիտական  դասընթացներու  մասնակցած եմ, այդտեղի շրջանաւարտ եմ, որմէ ետք հեռակայ կարգով Անգլիոյ մէջ ուսանած եմ   շինարարական կառոյցներու տնտեսագիտական բաժինին մէջ. ահա այս մասնագիտութիւններով  ալ ապահոված եմ իմ կեանքս ու կենցաղս, ապրուստս: Ազատ ժամերուս գրականութիւնը իմ ուղեկիցս եղած է. սկսած եմ արձակէն եւ այդպէս ալ շարունակած: Իմ ուսուցիչներս եղած են Վահէ Վահեանը, Զաւէն Մելքոնեանը, Արա Թօփչեանը: 5 տարի  հայագիտական առարկաներու գիծով ազատ ունկնդիր  եղած եմ եւ զիս շնորհած են համապատասխան վկայական: Գրական ասպարէզ  իջած եմ 16 տարեկանիս. 1951թ. «Պայքար» հայկական օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ իմ «Մեղայ քեզ, հայրենիք»  պատմուածքը: Օրաթերթի խմբագիրը Հրաչ Երուանդն էր: Ես մէկ կողմ դրի իմ իսկական անունս ու ազգանունս եւ ընտրեցի գրական կեղծանուն` Արմէն Հրաչ. հօրս անունը Արմենակ էր, իսկ Հրաչ Երուանդը իմ գրական կնքահայրս էր, ուստի միացուցի իմ երկու հայրերուս` հօրս եւ կնքահօրս անունները ու ստացայ գրական անունս: Այնուհետեւ սկսայ աշխատակցիլ Լոս Անճելըսի մէջ Անդրանիկ Անդրէասեանի գլխաւորութեամբ լոյս տեսնող «Նոր օր» թերթին. Անդրանիկ Անդրէասեանն ալ մամուլի ասպարէզին մէջ  եղած է իմ  առաջին ուսուցիչս, դպրոցին մէջ Վահէ Վահեանն էր: Ես դարձայ «Նոր օր»-ի լիբանանեան թղթակիցը:  Շատ նրբանկատ, ուշադիր անձ էր Անդրէասեանը. ամէն Նոր տարուան օրերուն փոքրիկ ծրար կ’ուղարկէր, որուն մէջ կամ գիրք էր, կամ գրիչ, որեւէ  յուշանուէր: 1956 –ին Պէյրութի  Թէքէեան մշակութային միութիւնը ունեցաւ իր գրական ամսագիրը` «Շիրակ», եւ մեր սերունդը` 20-ամեայ երիտասարդներ, սկսանք թղթակցիլ, մեր գործերը տպագրել այդ ամսագիրին մէջ:

Առաջին պատմուածքս, որ լոյս տեսաւ այդ ամսագիրին մէջ, կը կոչուէր «Արտասուող նկարին առջեւ». այդ վերնագիրով  նկարի  հեղինակը կար` պոլսահայ նկարիչ Ժաք Իհմալեան, որ այդ նկարին պատմութիւնը պատմած էր ինծի սերնդակից նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանին, ան ալ ինծի պատմեց, եւ այդ պատմութեան հիման վրայ ես գրեցի իմ պատմուածքս: Կը լրանայ իմ գրական-ստեղծագործական կեանքիս 60 տարին եւ մեր հրատարակած «Կամար» պարբերագիրքի 10-ամեակն ու 25-րդ համարի լոյս ընծայման տարեդարձը, որուն առիթով  վաղը ես  գրական զրոյց պէտք է ունենամ Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ, սակայն չեմ ցանկար գրական գործունէութեանս 60-ամեակին մասին խօսուի, անհամեստութիւն չթուի. առանց բարձրաձայնելու` ես իմ ներաշխարհիս մէջ կը նշեմ այդ յոբելեանական թիւը: Բացի արձակ ստեղծագործութիւններէս` ես գրած եմ նաեւ յօդուածներ:

Երկու տարի առաջ իմ  80-ամեակս  էր.  Գարեգին Յովսէփեանց կաթողիկոսի կոնդակով ամբողջ աշխարհի մէջ, երբ ինք 40-ականներուն Նիւ Եորքի մէջ  առաջնորդ էր, Հոկտեմբերը  ողջ հայութեան համար հռչակուեցաւ հայ  մշակոյթի ամիս, ես մտածեցի անտիպ եւ հատորներէս դուրս մնացած գործերս ամփոփել երկու հատորներու մէջ. առաջինը «Ձայներ լռութեան մէջ» վերնագիրով յօդուածներուս շարքն էր, որուն մէջ կային նաեւ «Խոհեր եւ պահեր Հայրենիքէն» խորագիրով յօդուածներ, որոնք գրած էի 1986-87 թթ. Հայաստանի գրողներու 9-րդ համագումարին առիթով Հայրենիք այցելելու տպաւորութեամբ, 1987-ին «Շիրակ» ամսագիրի 30-ամեակը նշուեցաւ. այդտեղ տպագրուած են իմ  պատմուածքներս, գրախօսականներս, իսկ յօդուածներս`«Զարթօնք»-ի, «Ազդակ»-ի, «Արարատ»-ի,«Նոր օր»-ի,«Մարմարա»-ի,«Նոր Յառաջ»-ի, էջերուն վրայ: «Սովետական Հայաստան» ամսագիրին մէջ խմբագիր Լեւոն Զաքարեան տպագրեց «Անլոյս գիշերներ» պատմուածաշար-վիպակիս գրախօսականը: Երկրորդ գիրքս «Կեանքի կարօտը» վերնագիրով 200 էջնոց պատմուածքներու ժողովածուն է,  3-րդ գիրքս, որ լոյս տեսաւ 1978-ին, վերնագրուած է «Ողջակէզ». այն վիպակ է, որ կը ներկայացնէ 1975-էն մինչեւ 1992թթ. լիբանանեան քաղաքացիական ընդհարումներու սկզբնաւորումը: Այս վիպակը ներքին երկուութեան  ծնունդ է, Լիբանանն ալ ներքին երկուութենէն  կը տառապէր: 1943 թուականին, երբ  մենք արդէն կ’ապրէինք Լիբանանի մէջ, մենք արդէն լիբանանցի կը զգայինք, որովհետեւ արդէն ինքնութեան թուղթ ունէինք, Լիբանանը այդ ժամանակ դարձաւ անկախ, ինքնիշխան փոքրիկ պետութիւն: Լիբանանին հայրենիք չենք կրնանք ըսել, այն ինծի համար  ծննդավայր ալ չէ, որովհետեւ այնտեղ չեմ ծնած. Լիբանանը մեզի որդեգրող երկիրն է, մենք տարագիր Սփիւռքն ենք, որ սկիզբ առաւ 1923-էն:  Ալեքսանտրէթը  իմ ծննդավայրս է, իսկ ծնողներս Չորքմարզուանէն  են, Կիլիկիայէն, ուր նարինջներու խենթացնող բոյրը  կը տարածուէր ամենուր, եւ բնակավայրին մօտեցողները հեռուէն արդէն կը զգային այդ բոյրը:

Մեր` Սեփէթճեաններու տոհմը, 1806-ին  Քեսապէն  տեղափոխուած է Չորքմարզուան:  Յաջորդ գիրքերս են `«Կեանքի կարօտը», «Հող եւ մորմոք»-ը( վերջինը` երջանկայիշատակ Լեւոն Անանեանի խմբագրութեամբ, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 2001-ին, Երեւանի մէջ,Արամ Խաչատչեանի տուն–թանգարանին մէջ. պարտական եմ Լեւոն Անանեանին), «Տագնապը բանաստեղծութիւններու մէջ»(2005թ.) գրական ուսումնասիրութիւններու հաւաքածու, «Ժամանակայոյզ խոհեր»-ը: 2014-ին ցանկացայ, որպէսզի յօդուածներուս ժողովածուին յաջորդեն  միւս  յօդուածներս, խմբագրականներս…1992-էն մինչեւ 1996-ի վերջը` 15 տարի, եղած եմ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը.հաւաքեցի բոլոր յօդուածներս, վերնագրեցի «Ձայներ լռութեան մէջ», որ նուիրեցի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, յաջորդ գիրքս`«Գրական հանդիպումներ» 560 էջնոց  ժողովածուս է, որ հոգիիս պարտքն էր… Չըսեմ վերջին գիրքս է, ինչպէս Վահէ Վահեան կ’ըսէր` վերջինեկն է, ոչ` վերջինը: Ըսեմ, որ գիրքերս թարգմանուած են տարբեր լեզուներով`  պարսկերէն, անգլերէն…25 տարի է, որ հիմնած եմ «Սիփան» հրատարակչութիւնը, ընտրեցի այս անունը` իբրեւ մեր պահանջատիրութեան խորհրդանիշ, նաեւ շատ մօտիկ է իմ ազգանունիս, իսկ արաբ ֆրանսախօս ընկերներս ուրիշ ձեւով կ’ընկալեն` սկզբնատառերը թարգմանելով`  գեղարուեստական տպագրական գործերու  արտադրութիւններու  ընկերակցութիւն (S.I.P.A.N): «Շիրակ» ամսագիրը լոյս ընծայուեցաւ մօտ 45 տարի, որմէ ետք  խմբագրական կազմի 5 անդամներով կը շարունակենք մեր աշխատանքը «Կամար»-ին մէջ, որուն գլխաւոր խմբագիրն է մատենագէտ Ժիրայր Դանիէլեան. Հայրենիքէն ունինք շատ գրողներ, աշխատակիցներ: Ես դեռ ընելիքներ ունիմ, նոր գիրքի նախագիծ` «Գրական հանդիպումներ հայրենի գրողներու հետ»:

Մտահոգ եմ արեւմտահայերէն լեզուի խնդիրներով. մենք կորսնցուցինք Պատմական Հայաստանը, հոգեւոր արժէքներ`այնտեղի մշակութային օճախները, կեդրոնները, դպրոցներ, 800 մտաւորականներ, գրողներու  աստղաբոյլ մը…ի՞նչ մնաց մեզի` արեւմտահայերէն լեզուն, որ պէտք է պահենք, պահպանենք սրբութեամբ: Դասական ուղղագրութեամբ մենք աւելի շուտ կը գտնենք բառի արմատները: Պէտք է Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ուսուցանուի գրաբար, մինչ այդ պէտք է պատրաստել գրաբարի մասնագէտներ, որմէ ետք  արեւմտահայերէնին անցնիլը, դասական ուղղագրութիւնը իւրացնելը շատ դիւրին կ’ըլլայ: Անկարելի բան չկա՛յ: Ես նաեւ Թէքէեան մշակութային միութեան  երկարամեայ անդամ եմ: Մեր գործունէութիւնը միշտ նպատակաուղղուած  եղած է նաեւ Հայրենիքի գիտակրթական ոլորտին. մենք ապագայ սերունդներուն  առջեւ ամօթով պէտք չէ մնանք: Գրողը այն անձն է, որ կը բարձրացնէ հաւաքական մտածողութեան  ձայնը: Ես կը մտատանջուիմ Հայրենիքէն  հեռացողներուն համար, Հայրենիքը սրբութեան սրբոց է. «Արարատի փէշերուն մենք տուն ունինք անկործան….»,-  գրող մը ըսած է: Դուք «պատուհան» կ’ըսէք (պատէն հանած), ունինք նաեւ «լուսամուտ» բառը` լոյսի մուտք…մենք պատուհաններ շատ ունինք, բայց լուսամուտներու թիւը քիչ է. բազմացնենք մեր լուսամուտներու թիւը, որ ամէն պատուհան ըլլայ լուսամուտ» :

Տասնեակ գիրքերու հեղինակ, հասարակական, մշակութային աշխոյժ ու երկարամեայ գործիչ, լրագրող, հրապարակախօս Արամ Սեփէթճեանի  բազմաբովանդակ, հետաքրքիր կեանքի ու ծաւալած գրական գործունէութեան այս պատմութիւնը, յիրաւի,   հայ ժողովուրդի  կենսագրութեան ` իր բառերով` լուսամուտներէն մէկն է:

Կարինէ Աւագեան

գիրք 1գիրք

Scroll Up