Կլենտէլի Դաւթեան Եւ Մարիամեան Կրթական Հաստատութեան ՄԷջ Արդէն Հայաստանեան Դասագիրքերով Պիտի Դասաւանդեն

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Կլենտէլի Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան նախագահ Վահիկ Ծատուրեան 2016-2017թթ. ուսումնական տարուան ընդառաջ ողջոյնի խօսք  յղած է հաստատութեան ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, ուր մասնաւորապէս կ’ըսուի.

«Կլենտէլի Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը, աւանդոյթի համաձայն, այս տարի Սեպտեմբեր 1-ին ամերիկեան 7 քաղաքներու 26 դպրոցներուն մէջ կրկին կը վերսկսի հայերէնի դասընթացներու իրականացումը:

Սիրով կը տեղեկացնենք, որ վերջերս ուսուցչական շուրջ 60 հոգինոց անձնակազմին հետ հանդիպում  կայացած է, ուր վարչութեան կողմէ անոնց համապատասխան ցուցումներ եւ առաջադրանքներ  տրուած են:

Կրթական հաստատութեան աշակերտներու ծնողները այս տարի առաւել քան հետաքրքրուած են եւ իրենց երեխաներուն հայեցի կրթութիւն, դաստիարակութիւն փոխանցելու ակնկալիքով ոգեւորութեամբ կը բերեն մեր մօտ: Իսկ մեր ուսուցիչները նոր եռանդով եւ աւիւնով կը պատրաստուին 2016-2017թթ. ուսումնական տարուան:

Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը կը շնորհաւորէ բոլոր ուսուցիչներն ու աշակերտները` մաղթելով յաջողութիւն եւ բեղմնաւոր ուսումնական տարի:

Նկատի ունենալով «Պայքար ձուլման դէմ» կարգախօսը` Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութիւնը կը շարունակէ Հայաստանէն դուրս ծաւալած ԱՄՆ-ի մատղաշ սերունդի հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան ուղղուած ազգանուէր աշխատանքները:

Կը ցանկանք տեղեկացնել նաեւ, որ այս տարի առաջին անգամ մեր աշակերտները հայաստանեան դասագիրքերով պիտի դասաւանդուին: Առիթէն օգտուելով ` կրկին շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան’ յանձին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, հաստատութեան տրամադրած բազմաքանակ ու բազմաբովանդակ դասագիրքերուն, աշխատանքային տետրերուն եւ մեթոտական ձեռնարկներուն համար»:

Scroll Up