Երիտասարդներով Կրնանք Համահայկական Ցանց Ստեղծել. «Հայկական Աշխարհը Համացանցին ՄԷջ» Գիտաժողովի Մասնակից

Օգոստոս 25-26 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ ԵՊՀ –ի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» միջազգային գիտաժողովը:

«Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Ֆրանսայէն ժամանած գիտաժողովի մասնակից, agam-france.org կայք-էջի աշխատակից Շուշան Փիլիպոսեանի հետ, որ հանդէս  եկած է «AGAM-ի համացանցային գործունէութիւն»-ը զեկուցումով:

Կայքը ստեղծուած է 1997 թուականին` նպատակ ունենալով հայկական մշակոյթի, Ֆրանսայի հայ համայնքի գործունէութեան մասին լուրեր տարածել ողջ հայութեան շրջանակին մէջ: Կայքի ընթերցողները նաեւ կրնան համայնքային, եկեղեցական տարբեր կառոյցներու գտնուելու վայրին մասին տեղեկութիւն գտնել, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային կարենան այցելել: Կայքին մէջ տեղադրուած է նաեւ հայ-ֆրանսական գրականութեան վերաբերող տարբեր ժանրերու 1010 կտոր գրականութիւն:

Ներկայիս կայքին մէջ միայն ֆրանսերէն լեզուով նիւթերը կը հրապարակուին:

«Համացանցային գործունէութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի այն հանգամանքը, որ այս հարթակին վրայ Սփիւռքն ու Հայաստանը պէտք է համախմբուած աշխատին: Միայն նման գործելաոճով` կրնանք մեր պետութեան յառաջընթացին հասնիլ:

Համացանցը այսօր  հզօր ուժ կը ներկայացնէ: Ուստի երիտասարդներս, օգտուելով մեզի ընձեռնուած հնարաւորութենէն, կրնանք  համահայկական ցանց ստեղծել:

Այդ ամէնուն հասնելու համար նախ անհրաժեշտ է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի մասին հնարաւորիս շատ տեղեկատուութիւն, յօդուածներ տարածել համացանցին մէջ, որ կը նպաստէ աշխարհը, իբրեւ ազգ, ճանչնայ մեզ»,-ըսաւ Շուշանը ու աւելցուց, որ գիտաժողովին հաճոյքով  մասնակցած է, շատ կարեւոր, արդիւնաւէտ քննարկումներ  ծաւալած են, որոնք յետագային անպայման պիտի կիրառէ:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up