Ուրուկուէյի Մէջ Կը Հիմնուի «Լեռնային Ղարաբաղի Ֆորում» Նախաձեռնութիւնը

Ուրուկուէյի հասարակական գործիչները, գիտնականներն ու օրէնսդիրները նախաձեռնած են «Լեռնային Ղարաբաղի ֆորում» խումբի մը ստեղծումը:
Այն իր աշխատանքները պիտի մեկնարկէ Սեպտեմբեր 2-ին Մոնթեւիտէոյի մէջ պաշտօնական բացման արարողութեամբ` նուիրուելով նաեւ ԼՂՀ անկախութեան 25-ամեակին: Ֆորումը նպատակ ունի խթանել Ուրուկուէյի դիրքորոշման ամրապնդման, որ ԼՂ հիմնահարցը լուծուի միայն խաղաղ ճանապարհով, կը գրէ 168.am-ը: