ՀՕՄի «Մարօ» Մասնաճիւղի Անի Քարամարտեանի Անուան Կրթանպաստներ Ստացողները Կը Յստականան

 ՀՕՄի «Մարօ» մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Անի Քարամարտեանի անուան 2016ի կրթանպաստներ ստացողները որոշուած են արդէն։

2014ին այս կրթանպաստը հաստատուած է՝ ի յիշատակ աւելի քան 35 տարիներ մասնաճիւղին ծառայած Անի Քարամարտեանին։

2016ի կրթանպաստներ ստացողներն են՝ Քնար Պաղտասարեան (Մեսրոպեան վարժարան) եւ Արնիա Մաճարեան (Ֆերահեան վարժարան), որոնց պիտի շնորհուի 500ական տոլար։

Յատկանշական է, որ Անի Քարամարտեան «Մեսրոպեան»էն շրջանաւարտ եղած էր 1979ին, իսկ անոր դուստրերը՝ «Ֆերահեան»էն, 2014ին։

Քնար Պաղտասարեան որոշած է ուսումը շարունակել Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղը, իսկ Արնիա Մաճարեան՝ «Փեփըրտայն» համալսարանին մէջ։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up