Ամերիկահայերը Նոր Ակնկալիքներ Ունին ԱՄՆ-ի Նախագահի Թեկնածուներէն

ԱՄՆ-ի հայ համայնքի հիմնական մասը դեռեւս չէ կողմնորոշուած թէ որուն պիտի աջակցի յառաջիկայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ընտրութիւններուն:

Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ին յայտնած է Ամերիկայի հայկական համագումարի համանախագահ Էնթընի Պարսամեան. «Հայերը այս անգամ որեւէ խոստումներ չեն ակնկալեր»:

Պարսամեանի խօսքով, ամերիկահայերը անշուշտ յոյս ունին, որ յաղթանակի պարագային թեկնածուները ի կատար կածեն իրենց խոստումները, սակայն, այս ընտրութիւններուն հայ համայնքը թեկնածուներու աջակցութեան հարցով այլ մօտեցում պիտի ցուցաբերէ. «Մենք ուշադրութիւն պիտի դարձնենք ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման խոստումներուն, այլ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման, Հայաստանին յատկացուող օգնութեան: Բացի այդ, մենք կ’ակնկալենք, որ ԱՄՆ բնակող ազգութեամբ հայ մասնագէտներ ընդգրկուած ըլլան նոր ամերիկեան վարչակազմին մէջ»:

Scroll Up