Անցեալ Գիշեր Հայ Դիրքապահներու Ուղղութեամբ Արձակուած Է Աւելի Քան 320 Կրակոց

Օգոստոս 22-ի լոյս 23-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է շուրջ 30 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 320 կրակոց:

ՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:

Scroll Up