2017թ.ի Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի « Սօսէ» Մանկապարտէզը Իր Դռները Կը Բանայ Ստեփանակերտցի 130 Փոքրիկներու Համար

Հերթական այցով Արցախի մէջ է Արցախի բարեկամ, Արցախի մէջ իրագործուած բազում բարեգործական ծրագիրներու անմիջական մասնակից Ժասիկ Պունիաթեան:

 Այցելութեան ծիրէն ներս Ժասիկ Պունիաթեան  այցելած է Արցախի  շարք մը գիւղեր եւ յառաջիկայ օրերուն կը պատրաստուի այցելել առաջնագիծ:

 Օգոստոս 17-ին Ժասիկ Պունիաթեան Արցախի ՀՕՄ մեկուսի միաւորի ընկերուհիներուն հետ այցելած է Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող «Սօսէ» մանկապարտէզ, ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն:

 Նշենք, որ Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներուն իր անմիջական մասնակցութիւնը ունի ՀՕՄ-ի ԱՄՆ արեւմտեան շրջանը:

 ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը երեք հոգիէ բաղկացած յանձնախումբ մը կեանքի կոչած է, որուն կազմին մէջ են Վիքի Մարաշլեան, Սեդա Խոճայեան եւ Ժասիկ Ջալալեան, որոնք ՀՕՄ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցի ընկերուհիներուն հետ համագործակցելով հնարաւորն ու անհնարինը կ’ընեն մանկապարտէզին համար նախատեսուած գումարը ամբողջութեամբ հաւաքելու , որպէսզի խոստացածին պէս յաջորդ տարուան Սեպտեմբեր ամսուն Ստեփանակերտի « Սօսէ» մանկապարտէզը իր դռները բանայ ստեփանակերտցի 130 փոքրիկներու համար:

 «Մանկապարտէզի երրորդ յարկի աշխատանքները վերջացած են, տանիքը գրեթէ պատրաստ է: Այս պահուն գումարի մեծ մասը հայթայթուած է, սակայն ոչ ամբողջութեամբ` մենք դեռ գումարի անհրաժեշտութիւն ունինք, եւ պիտի շարունակենք աշխատիլ մինչեւ հասնինք մեր նպատակին: Այս մանկապարտէզի շինարարութիւնը ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր շրջաններու աշխատանքի արդիւնքն է: Մենք պատասխանատու ենք ամէն մէկ անհատի, որ գումար  նուիրաբերած է մանկապարտէզին համար եւ մեր պարտքն է ցոյց տալ, թէ ամէն մէկ հանգանակուած լումա ինչ աշխատանքներու վրայ կը ծախսուի»,- aparaj.am-ի փոխանցմամբ` նշած է Ժասիկ Պունիաթեան:

Scroll Up